Նախկին Երեսփոխան Տորի Շամուն Մահացաւ

Նախկին երեսփոխան, Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախկին ղեկավար ու պատուոյ նախագահ Տորի Շամուն երէկ մահացաւ:

Տորի Շամուն ծնած է 1931 թուականին, Տէյր Քամար: Ան որդին է հանրապետութեան նախկին նախագահ եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան հիմնադիր Քամիլ Շամունի:

Շամուն 2009 թուականէն մինչեւ 2018 թուական Շուֆի ընտրաշրջանէն երեսփոխան եղած է, իսկ 1998-էն մինչեւ 2008 Տէյր Քամարի քաղաքապետ:

 

Leave a Comment