Ապտելաթի. «Անհրաժեշտ Է Թիւ 1701 Որոշումը Ամբողջական Եւ Ոչ Ընտրովի Կերպով Գործադրել»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի վերահաստատեց հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն Եգիպտոսի դատապարտումը` ընդգծելով. «Անհրաժեշտ է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջական եւ ոչ ընտրովի կերպով գործադրել, լիբանանեան պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածէ եւ զէնքի մենաշնորհում կատարուի, ինչ որ կը պահպանէ Լիբանանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»:

Ապտելաթի շրջանային եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զեկուցումի ընդլայնուած նիստի ընթացքին ներկայացուց «շրջանային մագլցումը նուազեցնելու եւ ներկայ լարուածութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու եգիպտական ջանքերը»` նշելով. «Եգիպտոս կը շարունակէ իր աշխատանքները եւ տարբեր կողմերու հետ հաղորդակցութիւնները` դէպի հանդարտեցում մղում կատարելու եւ դիւանագիտական հոլովոյթն ու երկխօսութիւնը գերադաս դարձնելու համար»:

«Անհրաժեշտ է վերադառնալ Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրին, որովհետեւ անիկա համապարփակ ու տեւական համաձայնութեան հասնելու կարեւոր ուղի է, ինչ որ շրջանին կը խնայէ պատերազմի ծիրին ընդլայնման աղէտը եւ անկէ բխող լուրջ վնասը, ներառեալ շրջանին եւ աշխարհի վրայ ուժանիւթային ու պարենային անվտանգութեան սպառնացող վտանգը», նշեց եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:

«Անհրաժեշտ է երաշխաւորել Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ առեւտուրի եւ ուժանիւթի միջազգային մատակարարումներու հեզասահութիւնը», ըսաւ Ապտելաթի:

 

 

Leave a Comment