Շէյխ Քասեմ. «Զէնքը Մեր Ձեռքը Պիտի Մնայ, Մինչեւ Որ Լիբանանեան Պետութիւնը Կարենայ Իր Պարտականութիւնը Կատարել»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնեց. «Զինաթափումը Լիբանանի պաշտպանական կարողութեան խլում է` ճամբան հարթելով բնաջնջումին, եւ ատիկա չենք կրնար ընդունիլ: Զէնքը մեր ձեռքը պիտի մնայ, մինչեւ որ լիբանանեան պետութիւնը կարենայ իր պարտականութիւնը կատարել, եւ ամէն ոք, որ մեր դէմ կը կանգնի, անոր դէմ պիտի կանգնինք, ինչպէս Իսրայէլի դէմ կը կանգնինք»:

«Եթէ կառավարութիւնը անկարող է գերիշխանութիւնը ապահովել, թող հեռանայ: Ուղղակի բանակցութիւնները մերժելի են եւ անոնք Իսրայէլի համար զուտ շահ են», նշեց շէյխ Քասեմ:

«Տուները պիտի վերաշինենք, եւ մեր ժողովուրդը իր բնակավայրերը պիտի վերադառնայ: Թշնամին պարտուած դուրս պիտի գայ, եւ մօտ օրէն երրորդ ազատագրումը պիտի յայտարարենք», ըսաւ ան:

«Ժողովուրդը իրաւունք ունի մեր հաստատութիւնները թիրախաւորող ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրին դէմ փողոց դուրս գալու եւ կառավարութիւնը տապալելու», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Կը մաղթենք, որ թշնամական արարքներու ամբողջական դադրեցման համաձայնութիւն գոյանայ, եւ այդ համաձայնութիւնը մեզ ալ ներառէ», նշեց շէյխ Քասեմ:

Leave a Comment