Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով բանակայիններուն յղած իր ուղերձին մէջ յայտնեց. «Մեր հայրենիքի դիմագրաւած ճակատագրական մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ կը նշենք Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնը` հայրենասիրական փուլ մը, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ ձգեց լուսաւոր հետք մը, որովհետեւ կը մարմնաւորէ լիբանանցիներուն իրենց հողին, գերիշխանութեան ու ազգային արժանապատուութեան կառչածութիւնը ընդդէմ իսրայէլեան բռնագրաւումին»:
«Կառչած մնացէ՛ք ձեր առաքելութեան եւ ձեր մնայուն կորովն ու պատրաստուածութիւնը պահպանեցէ՛ք: Վստահ եղէք, որ քաղաքացիական խաղաղութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը Լիբանանն ու անոր կայունութիւնը պաշտպանելու ամէնէն հզօր զէնքերն են, եւ ատիկա կ՛իրականանայ շնորհիւ բանակի հաստատակամութեան եւ վճռականութեան: Իսկ հոսկէ կամ հոնկէ, անգամ մը վատաբանութեամբ եւ թերանալու ամբաստանութիւններով, եւ ուրիշ անգամ համայնքային ու շրջանային տարաձայնութիւններու ճամբով եւ Լիբանանի թշնամիներուն ծառայող կեղծ մեղադրանքներով, բանակին նկատմամբ ոտնձգութիւնն ու անոր դերը կասկածի տակ առնելը պիտի չխանգարեն, որ անիկա շարունակէ իր պարտականութիւնը կատարել», ըսաւ զօր. Հայքալ:
«Մեր պատգամը յստակ է` բանակը անառիկ պատնէշը պիտի ըլլայ ընդդէմ ներքին կայունութեան ու քաղաքացիական խաղաղութեան քայքայման սադրանքներուն, եւ բանակը իր զինուորականներու հաստատակամութեան եւ նահատակներուն ու վիրաւորներուն զոհողութիւններուն շնորհիւ պիտի մնայ ուժեղ ու համախմբուած, ազգային միասնութեան պահապան», նշեց բանակի հրամանատարը: