Պայրագտարեան Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այցելեց Արամ Ա. վեհափառին` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան կղերականներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը Վատիկանէն անոր վերադարձին առիթով:

Պայրագտարեան վեհափառ հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց քառօրեայ այցելութեան ընթացքին Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար անոր թափած ջանքերուն համար, որոնք Վատիկանի մէջ լոյս տեսնող բոլոր օրաթերթերու ուշադրութեան կեդրոնը դարձան:

Leave a Comment