Քաց. «Եթէ Հիւսիսային Իսրայէլի Մէջ Հանդարտութիւն Չի Տիրեր, Պէյրութի Մէջ Եւս Հանդարտութիւն Պիտի Չտիրէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ առաւօտեան յայտարարեց. «Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանի մէջ զինադադարի իրերայաջորդ խախտումներէն եւ մեր քաղաքներուն ու քաղաքացիներուն վրայ յարձակումներէն ետք, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի հետ գործակցաբար իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուի Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ թիրախներ յարձակումի ենթարկելու»:

Քաց իր կարգին նշեց. «Ես եւ Նեթանիահուն իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուինք Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ թիրախներ յարձակումի ենթարկելու»:

Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, քաղաքացիները զանգուածային կերպով սկսան հեռանալ Հարաւային արուարձաններէն: Պէյրութի կարգ մը դպրոցներ ծնողներուն կոչ ուղղեցին իրենց զաւակները տուն տանելու` առ ի պատրաստութիւն դպրոցներու դռները փակելուն:

Պէյրութի եւ անոր մերձակայքին մէջ «Ճի.Փի.Էս.»-ի համակարգերը եւ լիբանանեան արբանեակային կայաններու «Պատր» ցանցի ճամբով սփռումները խանգարման ենթարկուեցան:

Նեթանիահու նաեւ յայտարարեց. «Մեր զինուորները ներկայիս լիբանանեան շրջաններու խորքին մէջ կը գործեն Իսրայէլի անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար: Այս գործողութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ առաքելութեան ամբողջացումը»:

Նախքան այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատար մը, հաղորդեց. «(Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ) Ռուպիօ նախագահ Աունի եւ Նեթանիահուի հետ խօսեցաւ երկու կողմերուն միջեւ դիւանագիտական բանակցութիւններուն մասին եւ առաջարկեց, որ Իսրայէլի Պէյրութի մէջ մագլցումի դիմելէ ետ կանգնելուն դիմաց Հըզպալլան Իսրայէլի վրայ իր բոլոր յարձակումները դադրեցնէ»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է. «Ռուպիոյի Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու ջանքի ձախողութիւնը կրնայ Ուաշինկթընը մղել Իսրայէլին Պէյրութի մէջ թիրախներ հարուածել արտօնելու»:

Աւելի ուշ, աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներու Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու նորագոյն ջանքերը ձախողեցան»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ռուպիօ աշխատանք կը տանի զինադադար հաստատելու, սակայն Հըզպալլան չի գործակցիր, ուստի Ուաշինկթըն Պէյրութի վրայ յարձակումին համաձայն գտնուեցաւ»:

Նեթանիահու յայտարարեց. «Հըզպալլային պիտի չարտօնենք մեր քաղաքներուն եւ քաղաքացիներուն վրայ յարձակում գործել, իսկ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ անոր կեդրոնը արգիլեալ շրջան մնայ»:

«Վճռած ենք հիւսիսի բնակիչներուն անվտանգութիւնը վերականգնել, ինչպէս հարաւի բնակիչներուն համար կատարեցինք, եւ հարաւային Լիբանանի մէջ մեր գործողութիւնները պիտի շարունակենք», ըսաւ ան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց եւս յայտարարեց. «Եթէ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ հանդարտութիւն չի տիրեր, Պէյրութի մէջ եւս հանդարտութիւն պիտի չտիրէ»` աւելցնելով. «Պիտի չարտօնենք գոյութիւնը կացութեան մը, ուր մեր ուժերն ու գիւղերը կը թիրախաւորուին, իսկ Պէյրութի մէջ հանդարտութիւն կը տիրէ»:

«Իսրայէլեան բանակը աշխատանք կը տանի Լիթանիի շրջանը ապահովական գետնի վրայ բանակի վերահսկողութեան տակ եղող շրջանի վերածելու», նշեց Քաց:

Իսրայէլեան բանակը երէկ կէսօրէ ետք սպառնաց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու բնակիչներուն եւ անոնց կոչ ուղղեց իրենց բնակած շրջանները դատարկելու` նշելով. «Եթէ Հըզպալլան հրթիռարձակումները շարունակէ, Հարաւային արուարձաններուն մէջ թիրախներ հարուածելով պիտի հակադարձենք»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին. «Ռուպիօ աշխատանք կը տանի զինադադար հաստատելու, սակայն Հըզպալլան չի գործակցիր, ուստի Ուաշինկթըն Պէյրութի վրայ յարձակումին համաձայն գտնուեցաւ»:

Աղբիւրներ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Իրանեան բանակցային պատուիրակութիւնը Լիբանանի մէջ ոտնձգութիւններուն պատճառով պիտի դադրեցնէ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններն ու փաստաթուղթերու փոխանակումները»:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ զինադադարի վերջ գտնելու հաւանականութիւնը մեծ է, եթէ Լիբանանի վրայ յարձակումները չդադրին»:

Իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնի հրամանատարը ըսաւ. «Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններու բնակիչները կը զգուշացնենք, որ պէտք է այդ շրջանները դատարկեն, եթէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակում կատարուի»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց. «Իրան Լիբանանի եւ Կազայի մէջ կարմիր գիծերու շրջանցումը իրեն հետ ուղղակի ճակատում, իր ազգային անվտանգութեան ու դիմադրութեան առանցքին վրայ գինի պարտադրում կը նկատէ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, սակայն, նշեց. «Իրանէն Լիբանանի վրայ յարձակումներու պատճառով բանակցութիւններու առկախման տեղեկութիւններու մասին որեւէ պատասխան չստացանք»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երեկոյեան հաղորդեց. «Նեթանիահու եւ Թրամփ հիմա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կ՛ունենան»:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Ամերիկան միջամտեց եւ կանգնեցուց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու վրայ ուժեղ հարուած մը, եւ մինչեւ այս պահս Լիբանանի մայրաքաղաքին վրայ լայնածաւալ յարձակում մը չարտօներ»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը նաեւ նշեց. «Նեթանիահուն կը փորձէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակում շղթայազերծելու հարցին մէջ ամերիկացիները համոզել»:

Երէկ ուշ երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի հետ համաձայնեցանք կրակոցի բոլոր գործողութիւնները դադրեցնելու: Որեւէ ուժ Պէյրութ պիտի չուղարկուի»:

Leave a Comment