Փարիզ Լիբանանի Հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Ժողով Պահանջեց

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Լիբանանի հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ պահանջեցի, որովհետեւ եթէ Իսրայէլի, ինչպէս որեւէ այլ երկրի, պաշտպանութեան եւ Հըզպալլայի յարձակումներէն ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը կը ճանչնանք, ոչինչ կ՛արդարացնէ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու ընդարձակումն ու լիբանանեան հողերէն լայնածաւալ տարածքներու բռնագրաւումը»:

Պարրօ «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Իսրայէլ մեծ սխալ կը գործէ, որովհետեւ լիբանանեան հողերուն մէջ յառաջխաղացքը ոչ միայն Իսրայէլի ստանձնած յանձնառութիւններուն կը հակասէ, քանի 17 ապրիլէն ի վեր Լիբանանի մէջ զինադադար կայ, այլ նաեւ միջազգային օրէնքին կը հակասէ»:

Leave a Comment