Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր վարչապետարանին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այն, ինչ որ տեսանք, պարզապէս իսրայէլեան բռնագրաւումի ընդլայնում եւ շրջանցում չէ, որովհետեւ Իսրայէլ որոշ դիրքեր չի թիրախաւորեր, այլ ամբողջական քանդման քաղաքականութիւն կը կիրարկէ»:
«Այն, ինչ որ Իսրայէլ կը կատարէ, միայն Լիբանանի գերիշխանութեան ոտնահարում չէ, այլ պատմութեան ջնջման գործողութիւն», նշեց վարչապետը:
«Հարաւային Լիբանանի մեր բնակիչներուն կ՛ըսենք, թէ ձեր ցաւը ամբողջ Լիբանանի ցաւն է: Վստահ եղէք, որ լիբանանեան պետութիւնը զինադադարի հաստատման, գերիներու տունդարձի եւ վերաշինութեան համար որեւէ ջանք պիտի չխնայէ», աւելցուց ան:
«Բանակցութիւններուն արդիւնքը երաշխաւորուած չէ: Անոնք անձնատուութիւն չեն, այլ մեր երկրին համար նուազագոյն գինը ունեցող ընտրանքը», նշեց Սալամ:
«Բանակցութեան ուղին կարճ չէ, սակայն եթէ բոլորը պետութեան երդիքին տակ մնան, ատիկա աւելի արագ կը դառնայ», ըսաւ ան:
«Պետութիւնը այսօր բոլոր լիբանանցիներուն անունով բանակցութիւններ կը վարէ, եւ պատերազմի ու խաղաղութեան ընտրանքը ազգային ընտրանք կը մնայ», յայտնեց վարչապետը:
«Վճռած ենք վերջ տալ պատերազմին, ամրապնդել մեր երկիրը եւ զայն այլոց հակամարտութիւններուն համար նամակատուփի եւ բաց բեմի չվերածել», ըսաւ Սալամ:
«Իսրայէլեան ամբողջական հեռացումն ու գերիներու տունդարձը անսակարկելի են», շեշտեց վարչապետը: