Փենթակոն. «Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Պատուիրակութիւններու Բանակցութիւններուն Արդիւնքները Պիտի Նպաստեն Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ղեկավարած Քաղաքական Հոլովոյթին»

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, թէ պատերազմի նախարարութեան քաղաքական հարցերու յանձնակատարը հիւրընկալած է լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները` սկսելու համար ապահովական հոլովոյթ մը, որուն նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններուն աջակցիլն է:

Փենթակոն նշեց, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները ձեռնարկած են զինուորական «արդիւնաւէտ» բանակցութիւններու, որոնք կեդրոնացած են շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան շրջագիծերու կառուցման վրայ:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ բանակցութիւններուն արդիւնքները պիտի նպաստեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարած քաղաքական հոլովոյթին:

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցին Լիբանանի գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ ոչ պետական զինեալ խմբաւորումներէ ազատ ըլլալուն:

 

 

Leave a Comment