Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն բացի ոչ ոք կրնայ իսկական զինադադար կնքել, եւ ան ատոր միակ ուղին է»:
Պըրրի շեշտեց, որ Հըզպալլան դրական տրամադրուած է իսկական զինադադարի մը նկատմամբ, եւ միայն Թրամփ կրնայ Իսրայէլը մղել զայն յարգելու:
«Մեր կարիք ունեցածը զինադադարն է, ատոր շուրջ համաձայնութիւնը Իրանէն անջատ ըլլայ կամ անոր կապուած», շեշտեց ան:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մէկ օր առաջ նշեց, որ ինք կ՛երաշխաւորէ, որ Հըզպալլան լիարժէք կերպով յարգէ զինադադարը, սակայն Իսրայէլի կողմէ պատերազմի, ցամաքային, ծովային ու օդային գործողութիւններու դադրեցման եւ բնակարաններու քանդման ու գետնի հաւասարեցման ամբողջական դադրեցումէն ետք, եւ այդ ատեն ինք կը ստանձնէ Հըզպալլայի յանձնառութեան պատասխանատուութիւնը:
Պըրրի «Մուտուն»-ին յայտնեց, որ կը կասկածի, թէ Իսրայէլ որեւէ խոստում կամ համաձայնութիւն կրնայ յարգել, եւ եթէ զինադադարը հաստատուի, կարելի է ձեռնարկել անուղղակի բանակցութիւններու` արաբական կողմերու երաշխաւորութեամբ ու հովանաւորութեամբ` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիան պէտք է ներկայ ըլլայ, ինչպէս նաեւ Քաթարն ու Եգիպտոսը, առանց անտեսելու Ֆրանսան, որ Լիբանանին աջակցելու եւ օգնելու, իսրայէլեան պատերազմը դադրեցնելու համար ամէնէն շատ աշխատող պետութիւններէն մէկն է:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ ներկայիս ամէնէն կարեւորը պատերազմը դադրեցնելն է, եւ ատկէ ետք բոլոր թղթածրարները կարելի է երկրէն ներս լուծել արաբական հովանաւորութեամբ եւ երաշխիքներով: «Այսօր երկու մտասեւեռում ունիմ` առաջինը պատերազմը դադրեցնելն է, իսկ երկրորդը` ներքին միասնականութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելը եւ տեղահանուածներուն հոգատարութիւն ցուցաբերելը», ըսաւ ան:
Պըրրի բարձր գնահատեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամի վերջին խօսքը, որուն մէջ վերջինս անդրադարձաւ Լիբանանը իր բոլոր բաղադրիչ մասերով թիրախաւորող իսրայէլեան վտանգներու տարողութեան: «Պէտք է այս կեցուածքին վրայ հիմնուիլ ներքին միասնականութիւնն ու ներքին դիրքորոշումը ամրապնդելու համար: Կը շեշտեմ կառավարութեան պահպանման եւ զայն տապալելու կեցուածքներուն մերժման վրայ` շեշտելով, որ պէտք է բոլոր ուժերուն ու բաղադրիչ մասերուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւել եւ լիբանանեան միացեալ դիրքորոշում ձեւաւորել», ըսաւ ան:
«Կարելի չէ ուղղակի բանակցութիւններու երթալ, քանի տակաւին որեւէ խաղաքարտ չունինք, եւ Լիբանանը այսօր խաղաքարտ չունի: Քանի տակաւին Լիբանանը կ՛ուզէ ինք իր համար բանակցիլ, պէտք է անուղղակի բանակցութիւններու վերադառնայ, եւ այդ ատեն միջնորդները կը մղէ բանակցելու, փոխանակ ուղղակի կերպով կանգնելու իսրայէլացիներուն առջեւ, որոնք բանակցելու փոխարէն պայմաններ պիտի թելադրեն», յայտնեց Պըրրի: