Այցելութիւն Ներքին Գործոց Նախարարին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան այցելեցին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց նախարար զօր. Ահմետ Հաժժարի, որուն հետ կատարեցին Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակի քննութիւնը եւ հաստատուած զինադուլի գործադրման ընտրանքը: Յատուկ կարեւորութեամբ քննուեցաւ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ գաղթականներու հարցը եւ զայն կանոնաւորելու խնդիրը: Արծարծուեցան նաեւ Պէյրութի եւ այլ քաղաքապետութիւններու հետ … Read more

Թրամփ. «Ո՞վ Ըսաւ, Թէ Իսրայէլ Լիբանանեան Հողերէն Պիտի Չհեռանայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ ապասառեցուելիք իրանեան գումարները բացառապէս ամերիկացի հողագործներէ սննդեղէն գնելու պիտի օգտագործուի: «Եթէ Իրան իր խոստումները չյարգէ, պէտք եղածը պիտի ընեմ», նշեց ան` աւելցնելով. «Իրանի զինուորական կարողութիւնները ոչնչացուցինք, եւ ան դժուար կացութեան մէջ է»: «Վանսի ղեկավարութեամբ բանակցային խումբը լաւ աշխատանք տարաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Իրանի հետ Օպամայէն ու … Read more

Նեթանիահու, Քաց Եւ Զամիր Կը Յայտարարեն. «Բանակը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իր Գործողութիւնները Պիտի Շարունակէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր ապահովական ժողովէ մը ետք միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, թէ իսրայէլեան ուժերը պիտի շարունակեն աշխատանքը «վնասազերծելու» այն սպառնալիքները, զորս կը դիմագրաւեն Իսրայէլի զինուորները եւ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակեն քանդել զինեալ խմբաւորումներու ենթակառոյցները եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական շրջանը պահպանել: … Read more

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Շարհի Յայտարարած Կեցուածքը

Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ անոր հետ Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ քննարկած Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը: Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ զինադադարի յայտարարութենէն եւ անոր յաջորդած քայլերէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան: Երկու նախագահները նաեւ անդրադարձած են … Read more

Վանս Եւ Ռուպիօ Հեռաձայնեցին Նախագահ Աունին

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նամակին պատասխանելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու լիբանանեան կառավարութիւնը կը դիտարկեն իբրեւ Լիբանանի մէջ միակ օրինական իշխանութիւն, եւ Ուաշինկթըն մտադիր է լիբանանեան պետութեան հետ աշխատելու` զայն իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու եւ իր օրինական իշխանութիւնը ամրապնդելու կարող դարձնելու համար»: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակին … Read more

Նախարար Պայրագտարեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետը

Մարզական միութիւններու հետ հաղորդակցութիւնները ամրապնդելու ծիրին մէջ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեանը, որուն կ՛ընկերակցէր Շրջանային վարչութեան անդամ Զաւէն Տէր Պետրոսեան: Այցելութիւնը առիթ դարձաւ նախարարին յանձնելու յառաջկայ օր ՀՄԸՄ-ի կազմակերպելիք նախաձեռնութեան պաշտօնական հրաւէրը: Նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ նախարար Պայրագտարեանի հովանաւորութեամբ: Պատուիրակութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց, որ նախարար … Read more

Քալիպաֆ. «Ամերիկան Ու Իրանը Պիտի Երաշխաւորեն Լիբանանեան Հողերու Ամբողջականութիւնն Ու Անվտանգութիւնը»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց. «Զուիցերիոյ մէջ համաձայնութիւն գոյացուցինք 12 միլիառ տոլար գնահատուող մեր սառեցուած հաշիւները ապասառեցնելու»: Քալիպաֆ Օման իր այցելութեան ընթացքին նշեց, որ որոշուած է լիբանանցիները իրենց տուներ վերադառնալու կարող դարձնելու եւ Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացման համակարգման կեդրոն ստեղծել: Ան ըսաւ, որ Զուիցերիոյ մէջ բանակցութիւններուն հիմամբ, Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը պիտի երաշխաւորեն Լիբանանեան … Read more

Ալիքօ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Քանդումը Յայտարարուածէն Շատ Մեծ Է»

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի ներկայացուցիչ Պլերթա Ալիքօ յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ քանդումը վերջին արագ գնահատումներուն նշուածէն շատ աւելի մեծ է»: «Գիտական հետազօտութիւններու ազգային խորհուրդին հետ պատրաստուած գնահատումը մինչեւ ապրիլ 2026-ի վերջ շէնքերուն հասած ուղղակի վնասներու գնահատումով կը սահմանափակուի եւ չի ներառեր պետական ու սեփական ենթակառոյցներուն կամ տնտեսական վնասները», ըսաւ ան: «Լրացուցիչ թարմացումները եւ հաշուետուութիւնները … Read more

Թեհրան. «Լիբանանի Վրայ Յարձակումներու Դադրեցումը Փոխըմբռնման Յուշագիրի Անբաժանելի Մասն Է, Եւ Այս Առնչութեամբ Ամերիկայի Յանձնառութիւնը Յստակ Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրը հիմնուած է իրողութեան յարգման ու անոր նկատմամբ յանձնառութեան վրայ` զգուշացնելով, որ մեծամիտ որեւէ խօսակցութիւն պիտի խաթարէ համաձայնութեան հոլովոյթը: Նախարարութիւնը հերքեց, թէ Զուիցերիոյ մէջ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տնօրէնին հետ հանդիպում տեղի ունեցած է` աւելցնելով, որ ռմբակոծման ենթարկուած հիւլէական կառոյցներու խուզարկութեան ծրագիրներ գոյութիւն չունին: Իրան շեշտեց, … Read more

Աուն Վանսի Եւ Քուշների Հետ Քննարկեց Զինադադարի Հաստատումն Ու Այդ Առնչութեամբ Բջիջի Ստեղծման Կարելիութիւնը

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի Վանս, Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճարետ Քուշներ եւ Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Պեն Ապտելռահման Պեն Ժասեմ Ալ Թանի հեռաձայնեցին հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ զինադադարը ամրապնդելու, իսրայէլեան զինուորական մագլցումը դադրեցնելու եւ այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ քայլերը, որոնց շարքին այդ նպատակին համար բջիջի ստեղծման կարելիութիւնը: Նշենք, որ Քաթար … Read more