Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց. «Զուիցերիոյ մէջ համաձայնութիւն գոյացուցինք 12 միլիառ տոլար գնահատուող մեր սառեցուած հաշիւները ապասառեցնելու»:
Քալիպաֆ Օման իր այցելութեան ընթացքին նշեց, որ որոշուած է լիբանանցիները իրենց տուներ վերադառնալու կարող դարձնելու եւ Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացման համակարգման կեդրոն ստեղծել:
Ան ըսաւ, որ Զուիցերիոյ մէջ բանակցութիւններուն հիմամբ, Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը պիտի երաշխաւորեն Լիբանանեան հողերու ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Քալիպաֆ յայտնեց, որ Թեհրան համաձայն գտնուած է Հորմուզի նեղուցէն նաւերու անցքը դիւրացնելու համար հաղորդակցութեան կապ ստեղծել` այս ռազմավարական ջրային միջանցքին մէջ որեւէ հակամարտութենէ կամ միջադէպերէ խուսափելու համար: