Մարզական միութիւններու հետ հաղորդակցութիւնները ամրապնդելու ծիրին մէջ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեանը, որուն կ՛ընկերակցէր Շրջանային վարչութեան անդամ Զաւէն Տէր Պետրոսեան:
Այցելութիւնը առիթ դարձաւ նախարարին յանձնելու յառաջկայ օր ՀՄԸՄ-ի կազմակերպելիք նախաձեռնութեան պաշտօնական հրաւէրը: Նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ նախարար Պայրագտարեանի հովանաւորութեամբ: Պատուիրակութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց, որ նախարար Պայրագտարեան իր հովանաւորութիւնը կը շնորհէ այս նախաձեռնութեան եւ շարունակաբար կ՛աջակցի միութեան գործունէութեան: Իր կարգին, նախարար Պայրագտարեան դրուատեց ՀՄԸՄ-ի պատմական դերակատարութիւնը երիտասարդներու կարողականութեան ամրապնդման եւ ընդհանրապէս լիբանանեան ու յատկապէս հայկական ընկերութեան ծառայութեան մէջ: