Թրամփ. «Ո՞վ Ըսաւ, Թէ Իսրայէլ Լիբանանեան Հողերէն Պիտի Չհեռանայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ ապասառեցուելիք իրանեան գումարները բացառապէս ամերիկացի հողագործներէ սննդեղէն գնելու պիտի օգտագործուի:

«Եթէ Իրան իր խոստումները չյարգէ, պէտք եղածը պիտի ընեմ», նշեց ան` աւելցնելով. «Իրանի զինուորական կարողութիւնները ոչնչացուցինք, եւ ան դժուար կացութեան մէջ է»:

«Վանսի ղեկավարութեամբ բանակցային խումբը լաւ աշխատանք տարաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Իրանի հետ Օպամայէն ու դեմոկրատականներէն ամբողջովին տարբեր ձեւով կը վարուիմ»:

«Ո՞վ ըսաւ, թէ Իսրայէլ լիբանանեան հողերէն պիտի չհեռանայ», հարց տուաւ Թրամփ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ընէ երաշխաւորելու համար, որ Նեթանիահուն Իրանի հետ համաձայնութիւնը ձախողցնելու քայլ մը չկատարէ, ան յայտնեց. «Ձեզի պիտի չըսեմ, թէ ինչ պիտի ընեմ, սակայն հարցը պիտի լուծուի: Ես խնդիրներ կը լուծեմ, եւ զանոնք շատ արագ կը լուծեմ, ներառեալ Նեթանիահուի հետ»:

Ինչ կը վերաբերի Իրանին, Թրամփ ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ «ամբողջական կերպով կը վերահսկեն Հորմուզի նեղուցին», իսկ Ուաշինկթընի` Թեհրանի դէմ հաստատած շրջափակումին ազդեցութիւնը «ռումբերու ազդեցութիւնը գերազանցեց»:

Ան պնդեց, թէ իրանեան ծովուժն ու օդուժը «քանդուեցան», եւ իրանցի բարձրաստիճան հրամանատարներ սպաննուեցան` աւելցնելով, որ Իրանի տնտեսութիւնը «փխրուն» է, իրանեան հրթիռներու եւ անոնց հարթակներու արձակման մեծամասնութիւնը քանդուած է, եւ Միացեալ Նահանգներ իրանեան ղեկավարութեան առաջին երեք մակարդակներու ներկայացուցիչները սպաննած են:

 

Leave a Comment