Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրը հիմնուած է իրողութեան յարգման ու անոր նկատմամբ յանձնառութեան վրայ` զգուշացնելով, որ մեծամիտ որեւէ խօսակցութիւն պիտի խաթարէ համաձայնութեան հոլովոյթը:
Նախարարութիւնը հերքեց, թէ Զուիցերիոյ մէջ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տնօրէնին հետ հանդիպում տեղի ունեցած է` աւելցնելով, որ ռմբակոծման ենթարկուած հիւլէական կառոյցներու խուզարկութեան ծրագիրներ գոյութիւն չունին:
Իրան շեշտեց, որ իր ապասառեցուած գումարներու օգտագործման մէջ ազատ պիտի ըլլայ, եւ անոնց նկատմամբ որեւէ սահմանափակում չկայ:
«Լիբանանի վրայ յարձակումներու դադրեցումը փոխըմբռնման յուշագիրին անբաժանելի մասն է, եւ այս առնչութեամբ Ամերիկայի յանձնառութիւնը յստակ է», շեշտեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի պատուիրակ Ամիր Սահի Իրուանի իր կարգին յայտարարեց. «Պիտի հակադարձենք, եթէ Իսրայէլ փոխըմբռնման յուշագիրը որեւէ ձեւով, ներառեալ Լիբանանի եւ Հըզպալլայի վրայ յարձակելով խախտէ»:
«Հորմուզի նեղուցին շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Իրանի եւ Օմանի միջեւ, որմէ ետք փոխըմբռնման յուշագիրի կողմերուն հետ քննարկումներ տեղի պիտի ունենան», ըսաւ ան:
«Հիւլէական թղթածրարի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան դերակատարութեան շուրջ բանակցութիւններէ առաջ, պէտք է փոխըմբռնման յուշագիրէն 5 յօդուածներ գործադրել», նշեց Իրանի պատուիրակը: