Նեթանիահու, Քաց Եւ Զամիր Կը Յայտարարեն. «Բանակը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իր Գործողութիւնները Պիտի Շարունակէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր ապահովական ժողովէ մը ետք միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, թէ իսրայէլեան ուժերը պիտի շարունակեն աշխատանքը «վնասազերծելու» այն սպառնալիքները, զորս կը դիմագրաւեն Իսրայէլի զինուորները եւ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակեն քանդել զինեալ խմբաւորումներու ենթակառոյցները եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական շրջանը պահպանել:

Միացեալ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ իսրայէլացի նշեալ երեք պաշտօնատարները «յստակ կերպով յայտնեցին, որ իսրայէլացի քաղաքացիներու եւ բանակի ուժերու անվտանգութիւնը պիտի մնայ կողմնորոշման սկզբունքը, որմէ որեւէ զիջում կարելի չէ կատարել»:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ նշեց, որ Իսրայէլ Իրանի հետ բանակցութիւններուն մասնակից չէ, եւ անոնք Իսրայէլի համար «ոչինչ կը նշանակեն»:

Սմոթրիչ նշեց, որ իսրայէլեան բանակը լիարժէք կերպով պիտի շարունակէ Լիբանանի մէջ գործել, եւ Լիբանանէն ու Շքիֆի ամրոցէն իսրայէլեան հեռացում տեղի պիտի չունենայ, մինչեւ որ Հըզպալլան դադրի գոյութիւն ունենալէ:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը սկսաւ յառաջիկայ փուլի ուրուագիծը ճշդել` մեկնելով այն հասկացողութենէն, թէ հետագային ուժերէն պիտի պահանջուի հեռանալ եւ տեղակայուիլ պաշտպանողական եւ աւելի պատասխանատու յետնային դիրքերու վրայ, գետնի վրայ կռուողներուն եւ հիւսիսի բնակիչներուն աւելի պատշաճ եւ ազդու տարածք ստեղծելու համար»:

«Իսրայէլեան բանակը իրողապէս կը պատրաստուի Լիբանանի մէջ պաշտպանական դիրքերու վրայ ինքզինք ամրապնդելու», աւելցուց օրաթերթը:

 

 

Leave a Comment