Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի ներկայացուցիչ Պլերթա Ալիքօ յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ քանդումը վերջին արագ գնահատումներուն նշուածէն շատ աւելի մեծ է»:
«Գիտական հետազօտութիւններու ազգային խորհուրդին հետ պատրաստուած գնահատումը մինչեւ ապրիլ 2026-ի վերջ շէնքերուն հասած ուղղակի վնասներու գնահատումով կը սահմանափակուի եւ չի ներառեր պետական ու սեփական ենթակառոյցներուն կամ տնտեսական վնասները», ըսաւ ան:
«Լրացուցիչ թարմացումները եւ հաշուետուութիւնները յաջորդաբար պիտի հրապարակուին, երբ գնահատումները աւարտին եւ նոր տուեալներ դառնան հասանելի», նշեց ՄԱԿ-ի պաշտօնատարը: