Աուն Վանսի Եւ Քուշների Հետ Քննարկեց Զինադադարի Հաստատումն Ու Այդ Առնչութեամբ Բջիջի Ստեղծման Կարելիութիւնը

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի Վանս, Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճարետ Քուշներ եւ Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Պեն Ապտելռահման Պեն Ժասեմ Ալ Թանի հեռաձայնեցին հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ զինադադարը ամրապնդելու, իսրայէլեան զինուորական մագլցումը դադրեցնելու եւ այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ քայլերը, որոնց շարքին այդ նպատակին համար բջիջի ստեղծման կարելիութիւնը:

Նշենք, որ Քաթար եւ Փաքիստան յայտարարեցին, թէ Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու առաջին փուլի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է ստեղծելու Իրանը, Միացեալ Նահանգները եւ լիբանանեան հանրապետութիւնը ներառող աշխատանքային խմբակ մը` մագլցումէ խուսափելու եւ Լիբանանի մէջ գործողութիւններու դադրեցումը երաշխաւորելու համար:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ ընդունեց Յոյն կաթողիկէներու ընկերակցութենէն պատուիրակութիւն մը եւ յայտնեց. «Մենք կ՛ողջունենք պատերազմին վերջ տալու որեւէ օգնութիւն, սակայն օգնութիւնն ու ներքին հարցերուն միջամտութիւնը իրարմէ կը տարբերենք, որովհետեւ գերիշխան պետութիւն ենք, եւ ոչ ոք մեր տեղ կը բանակցի»:

«Ոչ թէ համայնքներն են, այլ պետութիւն է, որ բոլորը կը պաշտպանէ: Բոլորը ներկայացնող միացեալ եւ հզօր պետութեան այլընտրանք չկայ, եւ այս նպատակի իրագործման համար աշխատանքը կը շարունակուի», նշեց ան:

«Քաղաքական մրցակցութիւնը կայ եւ օրինական է, սակայն ատիկա պէտք չէ պետութեան մեկնարկման խոչընդոտում նշանակէ», ըսաւ Աուն:

«Կարծիքներու տարբերութիւնը սրբազան է, սակայն լիբանանցիներուն միջեւ վէճը արտօնուած չէ, մանաւանդ երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ: Փտածութեան վերջ տալու պարզ լուծումը ելեկտրոնային կառավարութիւնն է, ինչպէս նաեւ գործօն ու անկախ արդարադատութիւնը», աւելցուց հանրապետութեան նախագահը:

 

Leave a Comment