Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նամակին պատասխանելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու լիբանանեան կառավարութիւնը կը դիտարկեն իբրեւ Լիբանանի մէջ միակ օրինական իշխանութիւն, եւ Ուաշինկթըն մտադիր է լիբանանեան պետութեան հետ աշխատելու` զայն իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու եւ իր օրինական իշխանութիւնը ամրապնդելու կարող դարձնելու համար»:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, Վանս ըսած է, թէ ամերիկեան վարչակազմին Իրանի հետ Լիբանանի վերաբերեալ հաղորդակցութիւններուն նպատակը Թեհրանին Լիբանանի ապագային ճշդման կամ անոր որոշումներուն ազդելու որեւէ դեր տալը չէ, այլ երաշխաւորելը, որ Իրան Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի յարգէ անոր առնչուած խոստումներն ու յանձնառութիւնները:
Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Վանս եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հեռաձայնած են հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ անոր հետ արծարծած Լիբանանի զարգացումներն ու Զուիցերիոյ ժողովներուն յաջորդող փուլը:
Անոնք Ուաշինկթընի աջակցութիւնը յայտնած են լիբանանեան պետութեան իր ամբողջ իշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելուն:
«Լեպանոն Տիպէյթ» հաղորդեց, որ նախագահ Աուն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Սալամը դրած է Վանսի եւ Ռուպիոյի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մթնոլորտին մէջ:
Նախագահական պալատը աւելի ուշ ալ հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի հսկողութեան ամերիկեան-լիբանանեան-իրանեան բջիջի յատուկ դասաւորումները կը սերտուին: