Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Շարհի Յայտարարած Կեցուածքը

Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ անոր հետ Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ քննարկած Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ զինադադարի յայտարարութենէն եւ անոր յաջորդած քայլերէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան: Երկու նախագահները նաեւ անդրադարձած են ֆրանսական Էվիան քաղաքին մէջ «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովին. նախագահ Աուն իր պաշտօնակիցին շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանի վերաբերեալ իր արտայայտած կեցուածքին համար:

Երկու նախագահները անդրադարձած են հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտին յաջորդող փուլին, մասնաւորաբար եւրոպական պետութիւններու անոր գործունէութեան շրջանին մէջ ուժեր պահելու փափաքին, որ կը վայելէ Լիբանանի զօրակցութիւնը:

Աուն եւ Մաքրոն անդրադարձած են Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համակարգումին: Նախագահ Աուն բարձր գնահատած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի պատկերասփիւռային վերջին զրոյցի ընթացքին արտայայտած կեցուածքը, ուր իր երկրին նախանձախնդրութիւնը յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան նկատմամբ` ընդգծելով, որ Սուրիան մտադիր չէ Լիբանանի մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու, սուրիական որեւէ դերակատարութիւն բացառապէս լիբանանեան պետութեան ճամբով եւ ոչ թէ այլ կողմերու ճամբով պիտի ըլլայ, եւ իր երկիրը կ՛ուզէ Լիբանանի կայունութիւնը ամրապնդել եւ ուժեղացնել պետական հաստատութիւնները, եւ ոչ թէ լիբանանեան պետութեան տեղ անցնիլ:

Աուն եւ Մաքրոն համաձայնեցան կապի մէջ մնալ` հետեւելու համար զարգացումներուն ու Լիբանանի մէջ զինադադարի ամրապնդման եւ պետութեան իշխանութիւնը իր ամբողջ հողերուն վրայ տարածելու վերաբերեալ ընթացող հաղորդակցութիւններուն:

Նշենք, որ Մաքրոն նաեւ հեռաձայնեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Զուիցերիոյ մէջ բանակցութիւններուն եւ անոնց շրջանին ու Լիբանանի վրայ ազդեցութեան գնահատում կատարուեցաւ:

Leave a Comment