Առաջին Բեռնարկղներու Սէուտական Արաբիա Ուղղուելուն Առիթով` Սալամ. «Լիբանան Արաբներու Անվտանգութեան Եւ Բարգաւաճումին Գործընկեր Պիտի Ըլլայ»
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ` մասնակցելու համար լիբանանեան արտածումներու դէմ հաստատուած արգելքի ջնջումէն ետք լիբանանեան արտադրութիւններով բեռցուած առաջին բեռնարկղներու Սէուտական Արաբիոյ Ժետտայի նաւահանգիստ ուղարկման արարողութեան: Վարչապետ Սալամ ըսաւ. «Այսօր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կը կանգնինք ականատեսը դառնալու Լիբանանի երկարատեւ սպասած պահու մը` Սէուտական Արաբիա լիբանանեան արտածումներու արգելքի վերացումէն ետք առաջին բեռնարկղներու Ժետտայի նաւահանգիստ ուղարկման»: Սալամ … Read more