Փեզեշքիան. «Ուաշինկթընի Հետ Բանակցութիւնները Շրջանին, Մասնաւորաբար Լիբանանի Մէջ Լարուածութիւնը Թուլացուցին»

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները տնտեսական առիթներ ստեղծեցին, եւ շրջանին, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը թուլացուցին: «Մենք կ՛ողջունենք ազգային շահերու երաշխաւորման համար երկխօսութիւնը եւ բանակցութիւններուն մէջ որեւէ զիջում չկատարեցինք», նշեց Փեզեշքիան: Իրանի նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը շրջանային ու միջազգային հաւասարակշռութիւններուն մէջ ազդեցիկ ուժի վերածուած է, «եւ թշնամին, հակառակ ճնշումներուն, չկրցաւ մեզ … Read more

Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը` «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Բանակներուն Շրջագծային Համաձայնութեան Նկատմամբ Յանձնառութեան Հսկողութեան Մէջ Դեր Պիտի Ունենանք»

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնեց. «Լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակներուն շրջագծային համաձայնութեան նկատմամբ յանձնառութեան հսկողութեան մէջ դեր պիտի ունենանք»: Ամերիկացի պաշտօնատարը ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին նշեց. «Մեր դերը կը ներառէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ գետնի վրայ ամերիկեան ուժերու օգտագործումը»: «2024 թուականի համաձայնութենէն ի վեր դիտարկման առաքելութեան շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ ուժեր կը պահպանենք», ըսաւ պաշտօնատարը: «Մեր … Read more

Գաղթականներու Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Վաւերացուց Բնակեցման Արտօնագիրի Մասին Օրինագիծը

Գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ կէսօրին խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ ներկայութեամբ երեսփոխաններ Էտկար Թրապուլսիի, Սեզար Ապի Խալիլի, Ատնան Թրապուլսիի, Հատի Ապու Հասանի, Հիւսէյն Ժաշիի, Ղասսան Աթալլայի եւ Ահմետ Ռըսթոմի: Ժողովին նաեւ ներկայ գտնուեցաւ գաղթականներու հարցերու նախարար Քամալ Շհատէ եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Մահմուտ: Յանձնախումբը ժողովէն … Read more

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրենց Քաղաքացիներուն Կ՛արտօնեն Լիբանան Այցելել

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկիրը երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ իր քաղաքացիներուն կ՛արտօնէ Լիբանան ճամբորդել: Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Լիբանան այցելել ուզող քաղաքացիները պէտք է արձանագրուին «Գտնուելու վայրի ծառայութեան» մէջ, նախքան ճամբորդելը, եւ չեն կրնար արձանագրութիւնը աւարտելէ առաջ երկրէն մեկնիլ` ճամբորդութեան ընթացակարգերու կասեցումէն եւ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկուելէ խուսափելու համար: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները շրջանին … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ֆահետ Պըն Ապտելռահման Տոսարին, որ փրոթոգոլային այցելութիւն տուաւ նախարարութիւն: Հանդիպումի ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանան-Սէուտական Արաբիա պատմական եւ արմատացած յարաբերութիւններու խորքը, թագաւորութեան աջակցութեան նկատմամբ Լիբանանի գնահատումը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ սէուտական առնչակից կողմերուն հետ գործակցութեան նոր հորիզոններ … Read more

Տանոն Ապահովութեան Խորհուրդին Կը Յայտնէ, Որ Հըզպալլան Եւ Իրանը Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանին Կը Սպառնան

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յայտնեց, որ Հըզպալլան եւ Իրանը կը սպառնան Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատին` անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութիւնը ստորագրելէն ետք: Տանոն իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ բոլորը Իսրայէլի դիւանագիտական մեկուսացման մասին կը խօսին, … Read more

Պըրրի. «Շրջագծային Համաձայնագիրը Պիտի Չգործադրուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ախպար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած շրջագծային համաձայնագիրը որակեց «ցուցմունքներ», ըսելով, որ «անիկա 17 մայիս 1983-ի համաձայնութենէն տասնեակ անգամներով աւելի վատ է»` աւելցնելով. «Թող տասնապատիկը 17 մայիսի համաձայնութիւնը ըլլայ, սակայն ոչ այս համաձայնութիւնը»: Պըրրի շեշտեց, որ պէտք չէ դիմել փողոցին մէջ շարժումներու եւ հակազդեցութիւններու, որոնք կրնան շահագործուիլ, … Read more

Քաց. «Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութեան Պետին Հետ Համաձայնութիւն Գոյացուցինք Լիբանանի, Սուրիոյ Եւ Կազայի Մէջ Ապահովական Շրջաններէն Չքաշուելու Շուրջ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Լիբանանեան բանակը յանկարծ Հըզպալլայի վրայ յարձակում գործող առիւծի պիտի չվերածուի, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լիբանանեան եւ իրանեան թատերաբեմերը Ամերիկայի շահին համար իրարու կապեց»: «Լիբանանի մէջ շրջանային ախորժակներ չունինք, սակայն Հըզպալլայի զինաթափումէն առաջ պիտի չհեռանանք», ըսաւ Քաց` աւելցնելով. «Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան պետին հետ համաձայնեցանք Լիբանանի, Սուրիոյ … Read more

Սալամ-Պըրրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կիրակի գիշեր հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ անոր հետ քննարկեց երկրի կացութիւնն ու զարգացումները: Սալամ Պըրրիի հետ համակարծիք գտնուեցաւ լիբանանցիներուն միջեւ որեւէ սադրանքի մերժման, անոր դէմ դնելու համար աշխատելու եւ քաղաքական որեւէ տարակարծութեան ազգային պառակտման եւ անհամաձայնութեան աղբիւրի վերածումը մերժելու շուրջ:

Նախարարաց Խորհուրդը Առկախեց Կարգ Մը Ապրանքներու Վրայ Տուրքերու Հաստատումը

Նախարարաց խորհուրդը վարչապետարանին մէջ գումարեց արտակարգ ժողով մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նիստի աւարտին նշեց, որ արտակարգ նիստը գումարուած է մէկ օրակարգով, որ կը վերաբերի կարգ մը ապրանքներու վրայ տուրքերու հաստատման` նշելով, որ նախարարաց խորհուրդը, նկատի ունենալով ապրուստի ու տնտեսական ներկայ պայմանները, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքները, քննարկումէ ետք որոշեց առկախել 16 … Read more