Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կիրակի գիշեր հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ անոր հետ քննարկեց երկրի կացութիւնն ու զարգացումները:
Սալամ Պըրրիի հետ համակարծիք գտնուեցաւ լիբանանցիներուն միջեւ որեւէ սադրանքի մերժման, անոր դէմ դնելու համար աշխատելու եւ քաղաքական որեւէ տարակարծութեան ազգային պառակտման եւ անհամաձայնութեան աղբիւրի վերածումը մերժելու շուրջ: