Գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ կէսօրին խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ ներկայութեամբ երեսփոխաններ Էտկար Թրապուլսիի, Սեզար Ապի Խալիլի, Ատնան Թրապուլսիի, Հատի Ապու Հասանի, Հիւսէյն Ժաշիի, Ղասսան Աթալլայի եւ Ահմետ Ռըսթոմի:
Ժողովին նաեւ ներկայ գտնուեցաւ գաղթականներու հարցերու նախարար Քամալ Շհատէ եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Մահմուտ:
Յանձնախումբը ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ քննարկած է գաղթականներու յատուկ կառուցման արտօնագիրէն օգտուողներու բնակեցման արտօնագիրի օրինագիծը, եւ զայն վաւերացուցած հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ ջուրի յանձնախումբէն ստացած ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ զայն փոխանցած է խորհրդարանի լիագումար նիստին: