Նախարարաց խորհուրդը վարչապետարանին մէջ գումարեց արտակարգ ժողով մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի:
Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նիստի աւարտին նշեց, որ արտակարգ նիստը գումարուած է մէկ օրակարգով, որ կը վերաբերի կարգ մը ապրանքներու վրայ տուրքերու հաստատման` նշելով, որ նախարարաց խորհուրդը, նկատի ունենալով ապրուստի ու տնտեսական ներկայ պայմանները, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքները, քննարկումէ ետք որոշեց առկախել 16 յունիս 2026 թուակիր թիւ 3214 հրամանագիրին գործադրութիւնը, «մինչեւ անոր առնչուած մաքսային տուրքերու համեմատութիւններու ցուցակը վերստին ուսումնասիրելը»: