Քաց. «Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութեան Պետին Հետ Համաձայնութիւն Գոյացուցինք Լիբանանի, Սուրիոյ Եւ Կազայի Մէջ Ապահովական Շրջաններէն Չքաշուելու Շուրջ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Լիբանանեան բանակը յանկարծ Հըզպալլայի վրայ յարձակում գործող առիւծի պիտի չվերածուի, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լիբանանեան եւ իրանեան թատերաբեմերը Ամերիկայի շահին համար իրարու կապեց»:

«Լիբանանի մէջ շրջանային ախորժակներ չունինք, սակայն Հըզպալլայի զինաթափումէն առաջ պիտի չհեռանանք», ըսաւ Քաց` աւելցնելով. «Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան պետին հետ համաձայնեցանք Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի մէջ ապահովական շրջաններէն չքաշուելու շուրջ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ ըսաւ. «Հարաւային Լիբանանի մէջ փորձառական երկու շրջաններէն ետք այլ հեռացում պիտի չըլլայ, եւ իսրայէլեան բանակի Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը երկարատեւ պիտի ըլլայ»:

Նշենք, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան պետ ծով. Պրատլի Քուփըր երէկ այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հետ:

Leave a Comment