Սահեր. «Լիբանանի Հետ Խաղաղութիւնը Կարելի Է, Պայմանով Որ Հըզպալլայի Ճամբով Լիբանանի Իրանեան Բռնագրաւումին Վերջ Տրուի»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր նշեց. «Իսրայէլի ռազմավարական նպատակը Լիբանանի հետ խաղաղութեան եւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումն է»: Ան ըսաւ, որ այս ձգտումը կարելի է, «պայմանով, որ Հըզպալլայի ճամբով Լիբանանի իրանեան բռնագրաւումին վերջ տրուի»: «Վերջին համաձայնութիւնը երկու երկիրներուն հասարակաց մէկ ձգտումը կ՛արտացոլէ», յայտնեց Սահեր` նշելով. «Լիբանան իրանեան իրողական բռնագրաւումի տակ է, որ կը գործադրուի Հըզպալլա … Read more

Քումաթի. «Շրջագծային Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Պիտի Չարտօնենք Եւ Մօտիկ Ապագային Կառավարութենէն Պիտի Չհրաժարինք»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի «Արապի Ժատիտ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլան սկիզբէն` նախքան շրջագծային համաձայնութեան գոյացումն ու ստորագրուիլը, մերժեց Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնը եւ յայտնեց, որ անոր բոլոր արդիւնքները մերժելի են, զանոնք չի ճանչնար եւ պիտի չյարգէ, եւ այդ դիրքորոշումը տակաւին նոյնն է»: «Արդիւնքները սպասելի էին եւ զարմանալի չէին, յատկապէս այն … Read more

Ժոմպլաթ. «Աւագ Բանագնացները, Պաապտայի Պալատի Բարձրաստիճան Խորհրդականներն Ու Վարչապետարանի Փորձագէտները Անտեսեցին Զինադուլի Համաձայնութիւնը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց. «Յիշեցման կարգով. զինադուլի (1949 թուականի, «Ա.») համաձայնագիրը հիմնարար նշանակութիւն ունի Լիբանանի պետութեան եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններուն համար, որովհետեւ անիկա Թաէֆի համաձայնագիրին մէկ անբաժանելի մասը կը կազմէ: «Անիկա նշուած է երդման արարողութեան խօսքին մէջ եւ ընդգծուած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ: Սակայն, աւագ բանագնացները, Պաապտայի պալատի բարձրաստիճան խորհրդականներն ու … Read more

Լիբանան Եւ Իսրայէլ Պաշտօնապէս Ստորագրեցին Ուաշինկթընի Համաձայնութիւնը

Լիբանան եւ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօնապէս ստորագրեցին եռակողմ շրջագծային համաձայնութիւն մը: Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կնքուած համաձայնութիւնը հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան աստիճանական փոխանցման, ներառեալ որոշակի գօտիներու լիբանանեան բանակին յանձնման ճամբան կը հարթէ: Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը աղբիւրներ մէջբերելով նշեց. «Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը կը պարունակէ ապահովական գաղտնի յաւելուած մը, որուն յօդուածները չեն բացայայտուած»` աւելցնելով, … Read more

Աուն-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ գիշեր հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ զինք շնորհաւորած Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ, շրջագծային համաձայնութեան ստորագրութեան առիթով` ընդգծելով, որ իր երկիրը կը կանգնի Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդի կողքին, եւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ու կայունութեան վերականգնման նպատակով աշխատանք կը տանի համաձայնութեան բոլոր … Read more

Շըրրի. «Իսրայէլ Կ՛ուզէ Լիբանանցիներուն Միջեւ Պատերազմ Յառաջացնել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին վերահաստատեց Հըզպալլայի` Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները մերժող դիրքորոշումը: Շըրրի աւելցուց, որ Իսրայէլ կը փորձէ լիբանանցիներուն միջեւ պատերազմ յառաջացնել` իրագործելու համար այն, ինչ որ երկու պատերազմներու ընթացքին ձախողեցաւ իրագործել, եւ կը շարունակէ Լիբանանը մղել յաւելեալ զիջումներու: Երեսփոխանը ըսաւ, որ լիբանանեան բանակին Լիթանի գետէն հարաւ տեղակայման … Read more

Ռուպիօ. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Երէկուան Բանակցութիւններու Արդիւնքները Շատ Լաւ Էին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց. «Հորմուզի նեղուցէն անցքը պէտք է պատերազմէն առաջուան կացութեան վերադառնայ, եւ կը յուսանք, որ այսօր կը կարողանանք երէկ Լիբանանի եւ Իսրայէլի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացին վրայ յենիլ»: «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ երէկուան բանակցութիւններուն արդիւնքները շատ լաւ էին, եւ փոխըմբռնման յուշագիրը համապարփակ համաձայնութիւն մը չէ, այլ բանակցութիւններու ընդհանուր գիծեր … Read more

Նախարարաց Խորհուրդը Պետական Քննութիւնները Ջնջեց

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն օրակարգին վրայ կային վարչական կէտեր, շարք մը օրինագիծեր, նշանակումներ եւ պաշտօններու առնչուած թղթածրարներ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ գումարուող ժողովներու եւ խորհրդաժողովներու մասնակցութեան դիմումներ: Նախքան ժողովը տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ երկկողմանի ժողով մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական իրադարձութիւններուն … Read more

Իսա. «Իսրայէլեան Հեռացումը Ի Վերջոյ Տեղի Պիտի Ունենայ, Սակայն Ոչ Վաղը»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլեան հեռացումը ի վերջոյ տեղի պիտի ունենայ, սակայն ոչ վաղը»: «Մթնոլորտը դրական է, եւ պէտք է փորձառական շրջանները ընտրել, իսկ մտադրութիւններու հաղորդագրութիւնը` վաղուան ժողովին», ըսաւ ան: «Վաղը փորձառական շրջաններու ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ», յայտնեց Իսա:  

Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Աղբիւրներ Կը Հերքեն «Ռոյթըրզ»-ի Լուրը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը լրատու գործակալութեան ըսած է.«Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ իր հաստատած արգելակիչ գօտիի մէկ բաժինէն հեռացաւ` լիբանանեան կառավարութեան նկատմամբ բարի կամեցողութեան իբրեւ նշան»: «Լիբանանեան բանակը այժմ պէտք է շարժի դէպի այն շրջան, ուրկէ Իսրայէլ հեռացաւ», նշած է պաշտօնատարը: Լիբանանեան աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ … Read more