Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները տնտեսական առիթներ ստեղծեցին, եւ շրջանին, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը թուլացուցին:
«Մենք կ՛ողջունենք ազգային շահերու երաշխաւորման համար երկխօսութիւնը եւ բանակցութիւններուն մէջ որեւէ զիջում չկատարեցինք», նշեց Փեզեշքիան:
Իրանի նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը շրջանային ու միջազգային հաւասարակշռութիւններուն մէջ ազդեցիկ ուժի վերածուած է, «եւ թշնամին, հակառակ ճնշումներուն, չկրցաւ մեզ ընկրկումի ենթարկել»:
«Փոխըմբռնումը երկկողմանի հարց է, եւ եթէ ամերիկեան կողմը յարգէ փոխըմբռնումի յուշագիրը, մենք եւս մեր խոստումները պիտի յարգենք», նշեց Փեզեշքիան: