Պայրագտարեան Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ֆահետ Պըն Ապտելռահման Տոսարին, որ փրոթոգոլային այցելութիւն տուաւ նախարարութիւն:

Հանդիպումի ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանան-Սէուտական Արաբիա պատմական եւ արմատացած յարաբերութիւններու խորքը, թագաւորութեան աջակցութեան նկատմամբ Լիբանանի գնահատումը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ սէուտական առնչակից կողմերուն հետ գործակցութեան նոր հորիզոններ բանալու կարեւորութիւնը:

Դեսպանը նաեւ շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական կապերուն ու փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման նկատմամբ յանձնառութիւնը:

Leave a Comment