Տանոն Ապահովութեան Խորհուրդին Կը Յայտնէ, Որ Հըզպալլան Եւ Իրանը Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանին Կը Սպառնան

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յայտնեց, որ Հըզպալլան եւ Իրանը կը սպառնան Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատին` անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութիւնը ստորագրելէն ետք:

Տանոն իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ բոլորը Իսրայէլի դիւանագիտական մեկուսացման մասին կը խօսին, սակայն նաեւ դրական զարգացումներ կան:

«Կրնամ ձեզի տեղեկացնել, թէ Ծոցի պետութիւններուն հետ մեր յարաբերութիւնները շատ ուժեղ են», ըսաւ Իսրայէլի դեսպանը:

Leave a Comment