Փարիզ. «Իտալիոյ Հետ Կը Պատրաստուինք ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Դաշինքի Ուժեր Տեղակայելու»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտարարեց. «Իտալիոյ հետ կը պատրաստուինք, ամերիկեան զօրակցութեամբ, հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային դաշինքի ուժեր տեղակայելու»: «ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք միջազգային ուժերու տեղակայումը Լիբանանի պահանջով եւ անոր բանակին աջակցութեան համար է», նշեց նախարարութիւնը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ «Հատաս»-ին յայտնեց. «Բրիտանիոյ եւ շրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ բանակցութիւններ կը … Read more

Շիպանի. «Սուրիան Կայունութեան Ամրապնդման Մէջ Գործուն Գործընկեր Պիտի Մնայ»

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի յայտնեց. «Այսօր Սուրիա-Լիբանան յարաբերութիւններու հոլովոյթին մէջ գերիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի, բարի դրացնութեան, մեր երկու ժողովուրդներու հասարակաց շահերուն ծառայող շինիչ գործակցութեան հիմամբ նոր քայլ կ՛առնենք»: «Լիբանանի մեր եղբայրներուն հետ կը հաստատենք երկկողմանի յարաբերութիւններու նոր փուլ` ստորագրումովը Սուրիա-Լիբանան միացեալ բարձրագոյն յանձնախումբի ստեղծման համաձայնագիրին, որ պիտի ըլլայ մնայուն հաստատութենական շրջանակ, որ պիտի խթանէ … Read more

Մըրքոս Կոչ Կ՛ուղղէ` Բանակցութեան Իր Նպատակներու Իրագործման Առիթ Ընծայելու

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նշեց, թէ անցեալ շաբաթ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու հինգ փուլերէ ետք գոյացած շրջագծային համաձայնութիւնը «միայն շրջագիծ է, որուն նպատակը լիբանանեան հողերէն ամէն թիզի վերատիրացումն է»: Ան այս մասին յայտնեց «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին: Մըրքոս կոչ ուղղեց` «բանակցութեան հոլովոյթին իր նպատակներու իրագործման բաւարար առիթ ընծայելու»: Տեղեկատուութեան նախարարը շեշտեց … Read more

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանան Այցելեց

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Շիպանի նախագահ Աունի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու` «փոխադարձ յարգանքի եւ բարի դրացնութեան հիմամբ ամրապնդման կարելիութիւնները»: Պաապտայի պալատը իր կարգին հաղորդեց, որ նախագահ Աուն Շիպանին ընդունելով ըսած է. «Լիբանան … Read more

Սալամ. «Շրջագծային Համաձայնութիւն» Բառակապակցութեան Հետ Խնդիր Ունիմ. Մենք Գործ Ունինք Ոչ Թէ Համաձայնութեան Հետ, Այլ Իրաւական Հետեւանքներ Չունեցող Քաղաքական Շրջագիծի Հետ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շրջագծային համաձայնութիւն» բառակապակցութեան հետ խնդիր ունիմ, անիկա սխալ հասկացողութիւններ կը յառաջացնէ: Մենք գործ ունինք ոչ թէ համաձայնութեան հետ: Անիկա «շրջագիծ» կը կոչուի, եւ անիկա եռակողմ շրջագիծ է, որ կ՛ուղղորդէ բանակցութիւնները եւ ընթացքը կը սահմանէ: Շրջագիծի նպատակն է հասնիլ համաձայնութեան մը, որ կը յանգեցնէ քաղաքական պարտաւորութիւններու, … Read more

Անդրադառնալով Շրջագծային Համաձայնութեան` Պըրրի. «Պատրաստ Եմ Փոխզիջումի, Եթէ Միւս Կողմը Պատրաստ Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Տիար» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ շրջագծային համաձայնութեան ստորագրումէն ետք ստեղծուած ճգնաժամէն ելքի հասնելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի, եւ փոխզիջումնային լուծումի դուռը տակաւին բաց է` շեշտելով, որ ինք պատրաստ է ելք գտնելու, եթէ միւս կողմը եւս պատրաստ է` ընդգծելով. «Ոչ ոք կ՛ուզէ, որ երկիրը անելի մատնուի»: Անդրադառնալով փոխզիջումնային լուծումի ձեւին` Պըրրի … Read more

Ժոմպլաթ. «Շրջանակային Համաձայնութեան Տապալման Դաշինքին Մաս Պիտի Չկազմեմ, Անոր Պիտի Չզօրակցիմ, Եւ 1983-ի Բեմագրութիւնը Կրկնել Չեմ Ուզեր»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթին յայտնեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջանակային համաձայնութեան տապալման դաշինքին մաս պիտի չկազմեմ, ինչպէս նաեւ անոր պիտի չզօրակցիմ, եւ 1983-ի բեմագրութիւնը կրկնել չեմ ուզեր»: «Համաձայնութիւնը լիբանանեան պետութեան կողմէ սխալ քայլ է», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց զայն վերատեսութեան ենթարկելու` նշելով. «Համաձայնութիւնը գործադրելի պիտի չըլլայ»: Ժոմպլաթ յիշեցուց, … Read more

Դեսպան Պաղտասարեան Հանդիպում Ունեցաւ Նախարար Սէյիտի Հետ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան 30 յունիսին հանդիպում ունեցած է Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմատետրեան էջը: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան, Լիբանանի մէջ պատերազմի պատճառով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամային իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ոլորտին մէջ երկկողմանի հետաքրքրութիւն … Read more

Նախագահ Աուն. «Թող Ոչ Ոք Ճշմարտութիւնը Աղաւաղէ Իր Համակիր Զանգուածը Համոզելու, Թէ Այն, Ինչ Որ Տեղի Ունեցաւ, Անձնատուութիւն Եւ Նուաստացում Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, թէ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած շրջագծային համաձայնութիւնը կը ներառէ յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին իսրայէլեան հեռացումին, տեղահանուածներուն ու գերիներուն, մինչեւ իսկ լիբանանցիներու Իսրայէլ գտնուող դիակներուն վերադարձին` նշելով, որ ասիկա համաձայնագիր մը չէ, այլ շրջագիծ: Ան նշեց, որ Լիբանանի հարցը Իսրայէլի հետ է, ան գերիշխան պետութիւն է, ինքն իր համար բանակցելու որոշում տուաւ, … Read more

Վանս. «Լիբանանն Ու Իսրայէլը Ուղղակի Երկխօսութիւն Կը Կատարեն, Այնպիսի Ձեւով Մը, Որ Քանի Մը Ամիս Առաջ Գոյութիւն Չունէր»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս «Տը Մայքըլ Նոլզ Շօ» յայտագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ Լիբանանն ու Իսրայէլը ուղղակի երկխօսութիւն կը կատարեն «այնպիսի ձեւով մը, որ քանի մը ամիս առաջ գոյութիւն չունէր»: Ան ըսաւ, որ երկու կողմերը «մեծ մասամբ իրարու մերձ եղող ուղղութեամբ կը շարժին»: «Եթէ որեւէ Լիբանան-Իսրայէլ խաղաղութեան համաձայնագիր համաձայնեցուի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ … Read more