Պըրրի. «Շրջագծային Համաձայնագիրը Պիտի Չգործադրուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ախպար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած շրջագծային համաձայնագիրը որակեց «ցուցմունքներ», ըսելով, որ «անիկա 17 մայիս 1983-ի համաձայնութենէն տասնեակ անգամներով աւելի վատ է»` աւելցնելով. «Թող տասնապատիկը 17 մայիսի համաձայնութիւնը ըլլայ, սակայն ոչ այս համաձայնութիւնը»:

Պըրրի շեշտեց, որ պէտք չէ դիմել փողոցին մէջ շարժումներու եւ հակազդեցութիւններու, որոնք կրնան շահագործուիլ, երկիրը քաոսի եւ ներքին կռիւներու ոլորապտոյտին մէջ մտցնելու համար:

Ան ըսաւ, որ համաձայնագիրին ուղեկցող ամէնէն վտանգաւորը ոչ միայն անոր քաղաքական բովանդակութիւնն է, այլ նաեւ ատոր պատճառով ներքին պառակտումներ հրահրելու եւ լիբանանցիները իրարու դէմ ճակատելու գայթակղեցնելու փորձերն են, որոնք որեւէ այլ կողմէ առաջ Իսրայէլի կը ծառայեն:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ այս ուղիին դէմ պայքարը պէտք է մնայ սահմանադրական, քաղաքական եւ ազգային ծիրերուն մէջ` նշելով, որ Ամալ շարժումի նախարարները «պոյքոթի պիտի չենթարկեն նախարարաց խորհուրդի որեւէ նիստ, ուր համաձայնագիրը պիտի ներկայացուի, եւ մենք այնտեղ անոր դէմ պիտի դնենք եւ մեր դիրքորոշումը պիտի ունենանք»` ընդգծելով, որ «այս համաձայնագիրը յառաջ պիտի չշարժի եւ պիտի չգործադրուի»` աւելցնելով. «Անիկա այսպէս ինքնաբերաբար պիտի չգործադրուի»:

Պըրրի ըսաւ, որ այսօր Լիբանանին իր իրաւունքները խլելու եւ Իսրայէլի ամբողջական հեռացում պարտադրելու միակ իրատեսական առիթը Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցային հոլովոյթն է, որովհետեւ անիկա միակ շրջագիծն է, որ կրնայ արտադրել հաւասարակշռութիւններ, որոնք Իսրայէլին կրնան ստիպել իր յանձնառութիւնները գործադրել:

Անոր կարծիքով, լիբանանեան թղթածրարը այս հոլովոյթէն անջատելու կամ Իսրայէլի հետ ամերիկեան եւ իսրայէլեան պայմաններու համաձայն ուղղակի բանակցութեան դիմելու որեւէ փորձ միայն բռնագրաւումի ժամանակը պիտի երկարէ եւ թշնամիին ժամանակ պիտի տայ գետնի վրայ նոր իրողական կացութիւններ պարտադրելու` առանց Լիբանանի համար իրողական որեւէ երաշխիքի:

Անդրադառնալով բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի պաշտօնազրկման մասին ուղղուածութեան մը գոյութեան մասին զրոյցներուն` Պըրրի վճռական կեցուածք մը արտայայտելով ըսաւ. «Թող ոչ ոք այս կատակը ընէ եւ թող ոչ ոք բանակը խաղի առարկայի վերածէ»` շեշտելով, որ բանակը «կարմիր գիծ է, ազգային կայունութեան սիւներէն մէկն է, եւ քաղաքացիական խաղաղութեան պաշտպանութեան հիմնական երաշխիքը»:

 

 

Leave a Comment