Մըքտատ. «Ամօթի Համաձայնութիւնը Տապալեցաւ, Եւ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Համար Հռոմ Երթալը Ժամանակի Կորուստ Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ կոչ ուղղեց` «նուաստացման եւ ամօթի» շրջագծային համաձայնութենէն ետդարձ կատարելու, «որովհետեւ լիբանանցիներուն չի վայելեր, նահատակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն չի վայելեր, վիրաւորներուն եւ գերիներուն չի վայելեր, իրենց տուները քանդուածներուն չի վայելեր, իրենց գիւղերէն ու տուներէն տեղահանուած ընտանիքներուն չի վայելեր»: «Բանակցութիւններու նոր փուլի համար Հռոմ կամ այլուր երթալը ժամանակի կորուստ է. … Read more

Սալամ-Էրտողան Հանդիպում – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Վարչապետ Սալամ ուրբաթ օր այցելեց Պոլիս, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Սալամ յայտարարեց. «Բարեկամ պետութիւններու հետ բարձրագոյն աստիճանի խորհրդակցութիւն եւ համակարգում պահանջող շրջանային զգայուն փուլի ընթացքին, Թուրքիոյ հանրապետութիւն պաշտօնական այցելութեանս ծիրին մէջ ընդառաջեցի Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Պոլսոյ մէջ իր կեցութեան վայրին մէջ աշխատանքային ընթրիքի հրաւէրին»: Վարչապետը նշեց, որ … Read more

Ժահժահ. «Եթէ Հըզպալլան Ինքզինք Չլուծարէ, Երբեմն Պետութիւնը Ստիպուած Կ՛ըլլայ Ուժ Կիրարկելու»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն լիովին հաւատարիմ է շրջագծային համաձայնագիրին եւ բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ իր ընտրութեան` նշելով, որ խնդիրը համաձայնագիրին դէմ արտայայտուող ձայներուն մէջ չէ, այլ «որոշ քաղաքական արժեչափերէն շեղելու մէջ, եւ հետեւաբար, ան, որ համաձայնութիւնը կը քննադատէ, պէտք է անոր … Read more

Քպէյսի. «Ուղղակի Բանակցութիւններուն Միջոցով Իսրայէլի Զիջում Կատարելը Լիբանանին Օգուտ Չունի»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի «երկրին մէջ գտնուող ոմանց կոչ ուղղեց` միասնական դիրքորոշում որդեգրելու»: «Իսրայէլ մեր երկրին դէմ կատաղի պատերազմ կը մղէ, եւ ասիկա կը պահանջէ միասնական ներքին դիրքորոշում, որ հեռու է սակարկութիւններէն, տարակարծութիւններէն եւ զիջումներէն», ըսաւ երեսփոխանը: «Այս հայրենիքը պետութեան ոեւէ մէկուն անարդարանալի զիջումներ կատարելուն չի տոկար», յայտնեց ան: «Տարակարծութիւնները մէկդի … Read more

Աուն. «Բանակցելու Որոշումէն Ետադարձ Պիտի Չկատարեմ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ անոր ընկերակցող Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութեան յայտնեց, որ համոզումէ մղուած իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ եւ զայն կատարելու համար անձնական շահ չունի: «Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն վերաբերեալ քննադատութիւններուն, անոնք պատասխանի արժանի չեն, որովհետեւ Լիբանանը 1949 թուականէն ի վեր մէկէ աւելի անգամներ … Read more

Անդրադառնալով Հըզպալլայի Վերաբերեալ Սուրիոյ Խոստումի Մասին Թրամփի Խօսքին` Պըրրի. «Սուրիան Այդ Մէկը Չ՛ուզեր»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն խօսքին, թէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ իրեն Հըզպալլայի հարցով օգնելու խոստում տուած է, «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց. «Սուրիան այդ մէկը չ՛ուզեր»` շեշտելով, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին «բոլոր հարցերը չափազանց յստակ կերպով արծարծուեցան»: «Վերջ ի վերջոյ պէտք է վերադառնալ … Read more

«Առաջին Փորձառական Շրջաններու Մեկնարկը` Քանի Մը Օրէն» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութիւնը մուտք գործած է գործնական փուլ: Ան ըսած է, թէ Հռոմի ժողովը դռնփակ պիտի ըլլայ, եւ անոր նպատակը երկու կառավարութիւններուն կարելիութիւն տալն է թղթածրարները փոխանցելու առնչակից թեքնիք խումբին, որ համաձայնութեան մէջ նշուած բոլոր հարցերու կարգաւորումը պիտի ստանձնէ: Պաշտօնատարը նշած է, … Read more

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Ժահժահ. «Նախագահ Աունը Մտադիր Է Շրջագծային Համաձայնութեան Գործադրութեան Գծով Մինչեւ Վերջ Երթալու»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն կ՛ընկերակցէր Հզօր Հանրապետութիւնը խորհրդարանական պլոքէն պատուիրակութիւն մը: Ժահժահ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Լիբանանը անորոշութեան մէջ չի կրնար մնալ` շեշտելով, որ պետութեան կայացումը կը պահանջէ պետութեան մէջ մէկ բանակի եւ մէկ զէնքի գոյութիւնը: Մեկնաբանելով այն խօսքը, թէ «պետութիւնը միակողմանի որոշումներ … Read more

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոք. «Այս Անիծեալ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Մէկ Կողմէ Պարտադրուած Է Եւ Կարելի Չէ Զայն Գործադրել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը նշեց. «Շատ յստակ դարձած է, որ Լիբանանի իշխանութիւններուն թշնամիին հետ ստորագրած շրջագծային համաձայնութիւնը, որ ապօրինի է, անօրինական է եւ կը հակասէ սահմանադրութեան ու Ազգային ուխտին, կը բախի լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը ներկայացնող անդրհամայնքային ազգային ընդդիմութեան, որովհետեւ անիկա նուաստացման եւ ամօթի համաձայնագիր մըն է, որ լուրջ վնաս հասցուցած է Լիբանանի ռազմավարական եւ կենսական շահերուն, … Read more

Աուն Իսայի Հետ Քննարկեց Ուաշինկթըն Սպասուող Իր Այցելութիւնը

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսան եւ անոր հետ քննարկած իր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ կացութիւնները: Աուն հանդիպումի ընթացքին անհրաժեշտ նկատած է հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարի ամրապնդումը, թշնամական արարքներու դադրեցման համար … Read more