Ժահժահ. «Եթէ Հըզպալլան Ինքզինք Չլուծարէ, Երբեմն Պետութիւնը Ստիպուած Կ՛ըլլայ Ուժ Կիրարկելու»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն լիովին հաւատարիմ է շրջագծային համաձայնագիրին եւ բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ իր ընտրութեան` նշելով, որ խնդիրը համաձայնագիրին դէմ արտայայտուող ձայներուն մէջ չէ, այլ «որոշ քաղաքական արժեչափերէն շեղելու մէջ, եւ հետեւաբար, ան, որ համաձայնութիւնը կը քննադատէ, պէտք է անոր այլընտրանք մը ներկայացնէ»:

Ան ըսաւ, որ Լիբանան մինչեւ հիմա իրողական պետութեան ստեղծման ուղղութեամբ ճամբուն 60 կամ 70 առ հարիւրը կտրած է, եւ ատոր փաստը լիբանանեան իշխանութիւններուն կատարած բանակցութիւնն է, «ատիկա շիտակ ըլլայ կամ սխալ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ այդ բանակցութիւնը վարող լիբանանեան անկախ իշխանութիւն գոյութիւն ունի եւ Իրանին չ՛արտօներ Լիբանանի տեղ բանակցիլ, ուստի գնացքը երկաթուղիին վրայ դրուած է: Հարցը հիմա այն է, որ իրմէ պահանջուած ամբողջ հեռաւորութիւնը կարենայ կտրել»:

«Գործնականին մէջ ոեւէ անձ իրաւունք ունի քննադատելու, սակայն երբ մէկը որոշ դիրքորոշում մը կը քննադատէ, պէտք է մէկ այլ դիրքորոշում ներկայացնէ, եւ ան, որ որոշ քայլ մը կը քննադատէ, պէտք է անոր այլընտրանքը ներկայացնէ: Մեկնելով ասկէ, եւ նաեւ ներկայիս Լիբանանի եւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող իրողութենէն, մեր կարծիքով, շրջագծային համաձայնութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի», ըսաւ ան:

«Բաւարար չէ, որ Հըզպալլան ըսէ, որ ինք լիբանանեան կուսակցութիւն է, այլ պէտք է իբրեւ լիբանանեան կուսակցութիւն վարուի: Եւ կուսակցութեան բազմաթիւ վարմունքները ցոյց կու տան, թէ ան լիբանանեան կուսակցութիւն չէ, եւ օրինակը ներկայ պատերազմն է, երբ յստակ կերպով Իրանին ուղղակի կերպով թիկունք կանգնելու համար գործի լծուեցաւ», շեշտեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի զէնքին վերաբերեալ լիբանանեան պետութեան դիրքորոշման` Ժահժահ յայտնեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը լիովին համաձայն են պետութեան վերահսկողութենէն դուրս գտնուող բոլոր զէնքերու վերացման անհրաժեշտութեան հարցին մէջ: Լիբանանի կառավարութիւնը բաւարար քայլերու ձեռնարկած է Հըզպալլայի զինուորական եւ ապահովական թեւերը լուծարելու համար: Բայց եւ այնպէս, ես չեմ ժխտեր, որ նախագահ Ժոզեֆ Աուն մինչեւ հիմա կը փորձէ խուսափիլ երկրին մէջ ուժ կիրարկելէ, հակառակ անոր որ ես անձամբ համաձայն չեմ այս տեսակէտին հետ` հաշուի առնելով, որ պետութեան կողմէ ուժի կիրարկումը բռնութիւն չէ: Պետութիւնը երբեմն ստիպուած կ՛ըլլայ ուժ կիրարկելու` ապահովութիւնը պահպանելու եւ ազգային գերակայ շահերը պաշտպանելու համար»:

Leave a Comment