Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Ժահժահ. «Նախագահ Աունը Մտադիր Է Շրջագծային Համաձայնութեան Գործադրութեան Գծով Մինչեւ Վերջ Երթալու»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն կ՛ընկերակցէր Հզօր Հանրապետութիւնը խորհրդարանական պլոքէն պատուիրակութիւն մը:

Ժահժահ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Լիբանանը անորոշութեան մէջ չի կրնար մնալ` շեշտելով, որ պետութեան կայացումը կը պահանջէ պետութեան մէջ մէկ բանակի եւ մէկ զէնքի գոյութիւնը:

Մեկնաբանելով այն խօսքը, թէ «պետութիւնը միակողմանի որոշումներ կու տայ», ան ըսաւ. «Այդպէս պէտք է ընէ, որովհետեւ Հըզպալլան չէ, որ պետութեան ընելիքը կ՛որոշէ»` աւելցնելով. «Պէտք է բոլորս ենթարկուինք լիբանանեան պետութեան որոշումներուն, եւ Ազգային ուխտին համահունչ ըլլալը խորհրդարանի եւ կառավարութեան կազմութեան մէջ է, եւ պէտք չէ այսպիսի հասկացողութիւններ անտեղի կերպով գործածենք»:

«Իսլամապատի հոլովոյթը ամերիկեան ու իրանեան շահերուն կը վերաբերի եւ լիբանանեան շահերուն հետ կապ չունի, այլ միայն Իրանի` Լիբանանի մէջ իր ազդեցութեան պահպանման փորձին կը վերաբերի, ինչ որ մեզ նոյն ոլորապտոյտին մէջ կը պահէ», ըսաւ ան:

«Նախագահ Աունը մտադիր է շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան գծով մինչեւ վերջ երթալ, եւ բոլորս գիտենք, թէ ատիկա դիւրին չէ: Պէտք է բոլորս պետութեան թիկունք կանգնինք անոր ամբաստանութիւններ յղելու փոխարէն», յայտնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:

Ժահժահ եզրափակեց ընդգծելով, որ հանրապետութեան նախագահը «իր իրաւասութիւններէն ոչ իսկ մազ մը անդին անցաւ», եւ «հանրապետութեան նախագահն ու կառավարութիւնը պետութեան մէջ գործադիր իշխանութիւնն են»:

 

 

Leave a Comment