Անդրադառնալով Հըզպալլայի Վերաբերեալ Սուրիոյ Խոստումի Մասին Թրամփի Խօսքին` Պըրրի. «Սուրիան Այդ Մէկը Չ՛ուզեր»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն խօսքին, թէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ իրեն Հըզպալլայի հարցով օգնելու խոստում տուած է, «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց. «Սուրիան այդ մէկը չ՛ուզեր»` շեշտելով, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին «բոլոր հարցերը չափազանց յստակ կերպով արծարծուեցան»:

«Վերջ ի վերջոյ պէտք է վերադառնալ Իրան-Միացեալ Նահանգներ փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ Լիբանանի վերաբերեալ նշուածին», շեշտեց Պըրրի:

Այն Թինէի շրջանակները Թրամփի խօսքը նկատեցին «մեր եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վրայ քաղաքական ճնշում»:

Անոնք շեշտեցին, որ խորհրդարանի եւ հանրապետութեան նախագահներուն միջեւ յարաբերութիւնը տակաւին շատ պաղ է, եւ սէուտցի պատուիրակ Եզիտ Պըն Ֆարհանի ջանքերը մինչեւ հիմա միայն նախագահի խորհրդական Անտրէ Ռահհալի եւ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի միջեւ սահմանափակ եւ վիճելի թղթածրարներու շուրջ առանց որեւէ յառաջընթացի հաղորդակցութեան յանգած են:

Միւս կողմէ, «Լեպանոն Ֆայլզ» երէկ հաղորդեց. «Կէս գիշերէն ետք զինուորական ուժեր Հոմսէն դէպի Լիբանան-Սուրիա սահման ուղղուեցան, մինչ գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, թէ ատենօք լիբանանցի զինուորականներու առեւանգման պատասխանատու Ապու Մալեք Թալլին մէկ շաբաթ առաջ Իտլիպէն Հոմս հասած է»:

 

 

Leave a Comment