«Առաջին Փորձառական Շրջաններու Մեկնարկը` Քանի Մը Օրէն» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութիւնը մուտք գործած է գործնական փուլ:

Ան ըսած է, թէ Հռոմի ժողովը դռնփակ պիտի ըլլայ, եւ անոր նպատակը երկու կառավարութիւններուն կարելիութիւն տալն է թղթածրարները փոխանցելու առնչակից թեքնիք խումբին, որ համաձայնութեան մէջ նշուած բոլոր հարցերու կարգաւորումը պիտի ստանձնէ:

Պաշտօնատարը նշած է, որ առաջին փորձառական շրջաններու մեկնարկը պիտի սկսի քանի մը օրէն, մինչ ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութեան կողմէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ համակարգաբար աշխատանք կը տարուի յաւելեալ փորձառական շրջաններ ճշդելու եւ անոնց յատուկ ծրագիրներ մշակելու:

Ամերիկացի պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ մօտ օրէն կապ պիտի հաստատեն միջազգային գործընկերներու հետ` լիբանանեան կառավարութեան այդ շրջաններուն մէջ իր գերիշխանութիւնը ազդու կերպով վերականգնելու օգնելու նպատակով` առ ի պատրաստութիւն այդ ջանքերու լիբանանեան հողերու մակարդակին վրայ համապարփակ կերպով ընդլայնման:

 

 

Leave a Comment