Սալամ-Էրտողան Հանդիպում – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Վարչապետ Սալամ ուրբաթ օր այցելեց Պոլիս, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Սալամ յայտարարեց. «Բարեկամ պետութիւններու հետ բարձրագոյն աստիճանի խորհրդակցութիւն եւ համակարգում պահանջող շրջանային զգայուն փուլի ընթացքին, Թուրքիոյ հանրապետութիւն պաշտօնական այցելութեանս ծիրին մէջ ընդառաջեցի Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Պոլսոյ մէջ իր կեցութեան վայրին մէջ աշխատանքային ընթրիքի հրաւէրին»:

Վարչապետը նշեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի մասնակցութեամբ ընթրիքը առիթ մը եղած է ընդգծելու կարեւորութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման եւ թուրք-լիբանանեան յարաբերութիւններուն ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացման, ինչ որ երկու երկիրներու շահերուն կը ծառայէ եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան աջակցութեան կը նպաստէ:

Սալամ բարձր գնահատեց Թուրքիոյ Լիբանանին, մասնաւորաբար մարդասիրական օժանդակութիւններու մակարդակի վրայ, վերջին ամիսներու ընթացքին տրամադրած աջակցութիւնը:

Ան Էրտողանին վստահեցուց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր անկախ որոշումին եւ իր բոլոր հողերուն վրայ իր իշխանութեան տարածման: Լիբանան աշխատանք կը տանի բարեկամ եւ եղբայրական բոլոր պետութիւններու աջակցութիւնը ապահովել` Իսրայէլի յարձակումներու դադրեցումն ու լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռանալը ապահովելու համար:

«Նախագահ Էրտողան վերահաստատեց, որ Թուրքիան Լիբանանի կողքին կը կանգնի, կ՛աջակցի իր բոլոր հողերէն Իսրայէլի հեռացման, իր անկախ որոշումին նկատմամբ նախանձախնդրութեան, եւ անոր հողային ամբողջականութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման` ընդգծելով, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է մեր երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումով եւ տարբեր ոլորտներու մէջ զարգացումով», ըսաւ Սալամ:

Թուրք լրագրող Համզա Թեքին «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սալամի Պոլիս այցելութիւնը կարեւոր էր, եւ Լիբանան վերջապէս գիտակցեցաւ շրջանին մէջ թրքական աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան տարողութեան»:

«Եթէ ապահովական պայմանները ապահովուին, նախագահ Էրտողանը կրնանք Պէյրութի մէջ տեսնել», նշեց ան:

Leave a Comment