Աուն. «Բանակցելու Որոշումէն Ետադարձ Պիտի Չկատարեմ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ անոր ընկերակցող Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութեան յայտնեց, որ համոզումէ մղուած իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ եւ զայն կատարելու համար անձնական շահ չունի:

«Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն վերաբերեալ քննադատութիւններուն, անոնք պատասխանի արժանի չեն, որովհետեւ Լիբանանը 1949 թուականէն ի վեր մէկէ աւելի անգամներ Իսրայէլի հետ ուղղակի կերպով բանակցած է», աւելցուց ան:

«Ձեզի կը վստահեցնեմ, թէ բանակցելու որոշումէս ետդարձ պիտի չկատարեմ` պնդելով, որ իւրաքանչիւր դիրքորոշումս լիբանանցի ժողովուրդին բացատրութիւն կը պարունակէ մեր ընթացած հոլովոյթի կարեւորութեան շուրջ, եւ Լիբանանը մեր կատարած իւրաքանչիւր քայլին մէջ կը կառչի իր գերիշխանութեան», նշեց Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ դժուար ընտրանք ընտրած է, եւ անոր ճամբան ուժերու հաւասարակշռութեան, իսրայէլեան հաշիւներուն, Իրան-Միացեալ Նահանգներ կացութեան եւ այլ բարդութիւններու պատճառով հեզասահ չէ, սակայն աւելցուց, որ այս ընտրանքը կ՛ամրապնդէ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնն ու իրեն համար Լիբանանի բանակցելու իրաւունքը, եւ զայն դուրս կը բերէ իրեն պարտադրուած պատերազմի հետեւանքներէն:

«Լիբանանցի ժողովուրդը ինչո՞ւ պէտք է շարունակէ վճարել արտասահմանեան ցուցմունքով եւ այդ արտասահմանի շահերուն համար ծագած պատերազմներուն գինը», հարց տուաւ նախագահ Աուն:

 

Leave a Comment