Ֆատլալլա. «Իշխանութեան Վարմունքը Կը Վիժեցնէ Պետութեան Կառուցման Գաղափարը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտարարեց, թէ «Լիբանանի ներկայ իշխանութիւնը իր ժողովուրդը չի հանգստացներ եւ աշխատանք չի տանիր զայն պաշտպանելու, անոր հողը ազատագրելու եւ գերիշխանութիւնը պաշտպանելու, այլ` կը ներկայացնէ պետութեան մը բնորդը, օրինակովը իր համաձայնութեան, որուն մէջ կը լքէ իր հողը, իր ժողովուրդը, իր գերիշխանութիւնն ու օրինական իրաւունքները, որովհետեւ իր գործունէութիւնը Լիբանանի շահերու … Read more

Սահեր. «Իսրայէլ Պատրաստ Է Հարաւային Լիբանանի Մէջ Փորձառական Երկու Շրջաններու Հարցով Յառաջ Ընթանալու»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, թէ կը նախատեսէ, որ Հռոմի մէջ Լիբանանի հետ բանակցութիւնները օգնեն իր երկրի ուժերուն հարաւային Լիբանանի մէջ փորձառական երկու շրջաններէն հեռացման հարցով յառաջընթացի արձանագրման: Սահեր Երուսաղէմի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Մենք պատրաստ ենք փորձառական այդ երկու շրջաններուն հարցով յառաջ ընթանալու: Կը յուսամ եւ կը կարծեմ, թէ Հռոմի մէջ … Read more

Պըրրի. «Չեմ Նեղանար, Եթէ Որեւէ Հոլովոյթ Դրական Արդիւնք Տայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շրջագծային բանաձեւին յանգած ուղղակի բանակցութիւնը ի նպաստ Լիբանանի եւ անոր իրաւունքին իսկական դրական որեւէ արդիւնք չտուաւ, եւ հաստատօրէն ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ կարենան հեռացումը, տեղահանուածներու տունդարձը, գերիներու ազատ արձակումն ու վերաշինութիւնը իրականացնել, որովհետեւ ի վերջոյ զիս հետաքրքրողը խաղող ուտելն է եւ ոչ թէ դռնապանը ծեծելը»: … Read more

Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Հրդեհ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ բեռնարկղներու մէջ հրդեհ ծագեցաւ: Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը անմիջապէս ուղղուեցան դէպքի վայր` հրդեհին դէմ պայքարելու: Պէյրութի նաւահանգիստի վարչութիւնը կէսօրին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան նկատուած ծուխը հետեւանք է հրդեհի սահմանափակ վերականգնման մեկուսացուած բեռնարկղներու մէջ, որոնց մէջ երկուշաբթի օր հրդեհ ծագած էր: Վարչութիւնը ընդգծեց, որ Պէյրութի հրշէջները Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերուն հետ … Read more

Պայրագտարեան Ընդունեց Անտոնեան Համալսարանէն Դոկտ. Սութոն

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, ակադեմական գործակցութեան կամուրջ հաստատելու եւ ռազմավարական գործընկերութիւնները ամրապնդելու նպատակով իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտոնեան համալսարանի մարմնակրթական գիտութիւններու կաճառի տնօրէն դոկտ. Անթոնիօ Սութոն: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու նախարարութեան եւ Անտոնեան համալսարանին միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի մը կարելիութիւնը: Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը կենսական ոլորտներու, մասնաւորաբար երիտասարդ կարողութիւններու համարկումը … Read more

Պուսթանի. «ՖԻՆԻՒԼ»-ի Պահպանումը Լիբանանի Շահերէն Կը Բխի»

Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց. «Խորհրդարանի մեծաթիւ անդամներու կողքին ստորագրեցի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած նամակ մը` պահանջելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան վերանորոգումն ու անոր լիազօրութիւններու ամրապնդումը, ինչ որ համահունչ է առնչակից միջազգային որոշումներու, նախ եւ առաջ թիւ 425 եւ 426 որոշումներուն»: «ՖԻՆԻՒԼ-ին հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը պայմանական կամ քաղաքական հարց չէ, այլ Լիբանանի ներկայ զգայուն փուլին … Read more

Ապտալլա. «Խորհրդարանի Նիստերը Պոյքոթի Ենթարկելը Լուծում Մը Չէ»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա յայտնեց. «Խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկելը որեւէ դիրքորոշման կամ ընդդիմութեան համար լուծում մը չէ»: «Մենք` իբրեւ Ժողովրդավարական հանդիպում, պիտի շարունակենք դէմ ըլլալ սահմանադրական հաստատութիւններու, նախ եւ առաջ խորհրդարանը պոյքոթի ենթարկելու սկզբունքին», ըսաւ երեսփոխանը: «Զօրակցեցանք եւ կը զօրակցինք արդար եւ յստակ համաներման օրէնքի մը` բանտերու խճողուածութեան հարցը լուծելու եւ հարիւրաւոր … Read more

Աուն. «Խաղաղութեան Հաստատման Համար Հարցերը Միայն Բանակցութիւններու Ճամբով Կրնան Լուծուիլ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան գործողութիւններու նախկին յատուկ յանձնակատար Սիկրիտ Քաակն ու Պալամանտ համալսարանի նախագահ Էլիաս Ուարաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, եւ անոնց հետ անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ շրջանին ու աշխարհի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ «Լիբանանի եւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման համար ՄԱԿ-ի կատարած ջանքերուն եւ աջակցութեան, որ … Read more

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողով. Պու Սաապ. «Մահապատիժի Ջնջման Օրէնքը Չունի Որեւէ Թաքնուած Նպատակ, Որ Համաներման Օրէնքին Վրայ Պիտի Ազդէ»

Խորհրդարանի դիւանը երէկ Այն Թինէի մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ դիւանի անդամներ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, Հատի Ապու Հասանի, Ալեն Աունի, Միշէլ Մուսայի, Քարիմ Քապպարայի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերի եւ նիստերու եւ յանձնախումբերու ընդհանուր տնօրէն Մունա Քամալի: Պու Սաապ նիստէն ետք յայտնեց, … Read more

Ժաշի. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը Լիբանանեան Իշխանութեան Եւ Իսրայէլացի Թշնամիին Միջեւ Դիմադրութեան Ու Անոր Ժողովուրդին Դէմ Գործակցութիւն Կը Պարունակէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամիի լիբանանեան պետութեան հետ ուղղակի բանակցութիւններուն համաձայն գտնուելուն նպատակը շրջանցելն էր փոխըմբռնման յուշագիրը (Միացեալ Նահանգներ-Իրան, «Ա.»), որ Լիբանանի մէջ զինադադար եւ բռնագրաւումի հեռացում կը նշէ: Իսլամական հանրապետութիւնը աշխատանք կը տանէր այս հոլովոյթին աջակցելու, ինչ որ լիբանանեան շահերուն կը ծառայէ»: Երեսփոխանը քննադատեց հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը` նշելով, … Read more