Քպէյսի. «Ուղղակի Բանակցութիւններուն Միջոցով Իսրայէլի Զիջում Կատարելը Լիբանանին Օգուտ Չունի»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի «երկրին մէջ գտնուող ոմանց կոչ ուղղեց` միասնական դիրքորոշում որդեգրելու»:

«Իսրայէլ մեր երկրին դէմ կատաղի պատերազմ կը մղէ, եւ ասիկա կը պահանջէ միասնական ներքին դիրքորոշում, որ հեռու է սակարկութիւններէն, տարակարծութիւններէն եւ զիջումներէն», ըսաւ երեսփոխանը:

«Այս հայրենիքը պետութեան ոեւէ մէկուն անարդարանալի զիջումներ կատարելուն չի տոկար», յայտնեց ան:

«Տարակարծութիւնները մէկդի ձգեցէք, եւ իբրեւ լիբանանցիներ, կուսակցութիւններ, կողմեր եւ երեսփոխանական պլոքներ իրար միջեւ համաձայնինք, որովհետեւ երբ յարձակում գործող, ռմբակոծող, քանդող եւ բռնագրաւող թշնամի կայ, պէտք է մէկ ձեռք ըլլանք եւ կազմենք մէկ դիրքորոշում, որ աշխարհին դիմաց Լիբանանի ուժը կ՛ամրապնդէ», նշեց Քպէյսի:

«Ցաւօք, այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի պաշտպանութեան համար չեղող ձրի զիջումներ են», աւելցուց ան:

«Իսրայէլին ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով զիջիլը Լիբանանին օգուտ չի բերեր, անիկա ո՛չ յառաջ կը տանի, ո՛չ ալ ետ, եւ ասիկա այն է, ինչ որ կը տեսնենք վերջին համաձայնութեան մէջ», յայտնեց երեսփոխանը:

 

 

Leave a Comment