Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ կոչ ուղղեց` «նուաստացման եւ ամօթի» շրջագծային համաձայնութենէն ետդարձ կատարելու, «որովհետեւ լիբանանցիներուն չի վայելեր, նահատակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն չի վայելեր, վիրաւորներուն եւ գերիներուն չի վայելեր, իրենց տուները քանդուածներուն չի վայելեր, իրենց գիւղերէն ու տուներէն տեղահանուած ընտանիքներուն չի վայելեր»:
«Բանակցութիւններու նոր փուլի համար Հռոմ կամ այլուր երթալը ժամանակի կորուստ է. ամօթի համաձայնութիւնը տապալեցաւ», նշեց երեսփոխանը:
«Դիմադրութեան զէնքը բռնի ուժի կիրարկումով խլելու կոչ ուղղողներուն կ՛ըսենք, թէ այս զէնքը պիտի մնայ պաշտպանելու համար մեր երկիրը, պաշտպանելու համար անոր գերիշխանութիւնը, ընդդէմ յարձակումին ու բռնագրաւումին, եւ տակաւին չէ ստեղծուած մէկը, որ կրնայ գրաւել Հըզպալլայի զէնքը, որ երկիրը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը կը պաշտպանէ», աւելցուց Մըքտատ: