Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոք. «Այս Անիծեալ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Մէկ Կողմէ Պարտադրուած Է Եւ Կարելի Չէ Զայն Գործադրել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը նշեց. «Շատ յստակ դարձած է, որ Լիբանանի իշխանութիւններուն թշնամիին հետ ստորագրած շրջագծային համաձայնութիւնը, որ ապօրինի է, անօրինական է եւ կը հակասէ սահմանադրութեան ու Ազգային ուխտին, կը բախի լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը ներկայացնող անդրհամայնքային ազգային ընդդիմութեան, որովհետեւ անիկա նուաստացման եւ ամօթի համաձայնագիր մըն է, որ լուրջ վնաս հասցուցած է Լիբանանի ռազմավարական եւ կենսական շահերուն, զայն դարձուցած է սիոնական թշնամիի ձեռքին լիակատար պատանդի եւ սիոնական ախորժակներու սեղանին վրայ դրած իբրեւ զոհ եւ դիւրին որս:

«Եւ ահա անյաջող համաձայնագիրի ապահովական յաւելուածը, որ ամօթալիօրէն կը բացայայտէ վտանգաւոր նոր կէտեր, որոնք նոյնիսկ ամէնէն զուսպ ուժերուն ու գործիչներուն ստիպած են լռութիւնը խախտել` դատապարտելու եւ զգուշացնելու իշխանութիւնը հետեւանքներուն մասին այն իրավիճակի, որուն մէջ ինքզինք եւ Լիբանանը ներքաշած է»:

Երեսփոխանական պլոքը իր շաբաթական հերթական ժողովի աւարտին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Իշխանութիւնը ի զուր կը փորձէ իր մեծ սխալը ծածկել դարձդարձիկ եւ բացայայտուած գործելաոճով ու խաղերով, որոնք այլեւս ոչ ոք կը խաբեն»:

«Այս անիծեալ շրջագծային համաձայնութիւնը մէկ կողմէ պարտադրուած է եւ կարելի չէ զայն գործադրել` նկատի ունենալով, որ Ազգային ուխտի ու սահմանադրական առումով եւ իրաւական գետնի վրայ առ ոչինչ է, եւ թշնամին զայն կը շահագործէ ոճիրներ գործելու, իր բռնագրաւումը օրինականացնելու եւ հայրենիքի հողի մէկ սիրելի մասը խլել փորձելու», նշեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը:

Պլոքը ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի բոլոր գիւղերը կառչած կը մնան իրենց ազգային պատկանելիութեան, եւ բարձր գնահատեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հարաւային գիւղերու Իսրայէլի կցման դիմումին վերաբերեալ յայտարարութեան մերժումը այդ գիւղերուն կողմէ:

 

 

Leave a Comment