Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Հովանաւորութեամբ. «Նոք Նոք Պէյրութի Մարմնակրթական Փառատօն»-ի Մեկնարկ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի հովանաւորութեամբ ընթացք առաւ Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան ոլորտի կենսունակութիւնը մարմնաւորող իրադարձութեան մը` «Նոք Նոք Պէյրութի մարմնակրթական փառատօն»-ի մեկնարկը, որ կ՛արտացոլէ մարմնակրթութեան աջակցութեան եւ զարգացման մէջ պետական ու սեփական մարզերու գործընկերութեան եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ կ՛ողջունէ շինիչ նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նպաստեն մարմնակրթութեան մակարդակի բարձրացման, եւ իր գնահատանքը կ՛արտայայտէ … Read more

Սիւննի Երեսփոխաններ Համաներման Օրէնքը Կը Նկատեն Իրենց Առաջնահերթութիւնը

Ազգային համաձայնութիւն եւ Ազգային չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքներն ու երեսփոխաններ Ապտելռահման Պըզրին, Աշրաֆ Ռիֆին ու Քարիմ Քապպարան իրենց ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ցաւ ու զարմանք յայտնեցին Համաներման օրէնքի առաջարկի չորդեգրման նկատմամբ` հակառակ «խորքային բարեփոխումներու կատարման, որոնք օրէնքի արդարութիւնը կ՛երաշխաւորեն եւ կալանաւորուած իսլամականներուն ու անոնց ընտանիքներուն իրաւունքները կը պահպանեն»: «Այս հարցին հետ վարուեցանք ազգային պատասխանատուութեամբ` հեռու … Read more

Ժահժահ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիական Միջամտութեան Դէմ Միաձայնութիւն Գոյութիւն Ունի, Եւ Կ՛ուզեմ Դամասկոս Այցելել»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Աւելի քան քսան տարի առաջ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու եւ անոր գերիշխանութիւնը ամրապնդելու մեր ուղղած կոչը ի զուր չեղաւ, այլ մեծ արդիւնքներ իրագործեց»: «Լիբանանի մէջ սուրիական միջամտութեան մասին խօսած միակ անձը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն է, իսկ Սուրիան, Լիբանանը կամ շրջանը, … Read more

Քաց Հեկսեթին. «Իսրայէլ Վճռակամ Է Մնալ Սուրիոյ, Կազայի Եւ Լիբանանի Ապահովական Շրջաններուն Մէջ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի գրասենեակը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Քացին ներկայացուցած է Իրանի մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի գրասենեակը աւելցուց, որ Քաց Հեկսեթին ներկայացուցած է Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի մէջ «ահաբեկչական» կողմերու դէմ Իսրայէլի գործողութիւնները: Ան ընդգծած է, որ Իսրայէլ վճռակամ է մնալ Սուրիոյ, … Read more

Հուսի. «Լիբանանեան Իշխանութիւնը Թշնամիին Ենթակայութեան Ուղիով Կ՛ընթանայ»

Եմէնի Անսարուլլա շարժումի ղեկավար Ապտելմալեք Հուսի շեշտեց. «Իսրայէլի յարձակումին արդիւնաւէտ դիմակայելու գործին մէջ Հըզպալլայի հիմնարար, մեծ եւ կարեւոր դերը պատիւ է ազգին համար եւ հպարտութեան աղբիւր իսլամութեան եւ բոլոր իսլամներուն համար»` աւելցնելով. «Հըզպալլայի մեծ դիրքորոշումը Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ արաբական վարչակարգերուն, մասնաւորաբար սէուտական վարչակարգին կողմէ թիկունքէն հարուածի կ՛ենթարկուի»: «Լիբանանեան ճակատին աջակցելու հարցին մէջ Իրանի մեծ եւ … Read more

Խորհրդարանը Շարունակեց Իր Օրէնսդրական Նիստը

Խորհրդարանը իր օրէնսդրական նիստի երկրորդ օրը երէկ շարունակեց իր օրակարգին վրայ գտնուող օրինագիծերու քննարկումն ու վաւերացումը: Խորհրդարանը որդեգրեց իր օրակարգի 19-րդ կէտը, որ թիւ 1233 հրամանագիրին մէջ նշուած նախագիծ մըն է, որուն նպատակը բարեփոխելն է 16-09-1983 թուականի թիւ 83/102 օրէնսդրական հրամանագիրը` ազգային պաշտպանութեան օրէնքը: Այսպիսով, զինուորական վարժարանին մէջ ուսման տարիները 3-էն բարձրացուեցան 4 տարուան եւ … Read more

Թրամփ. «Շարհ Պիտի Ստանձնէ Հըզպալլայի Հետ Գործ Ունենալը, Եւ Այդ Մէկը Իսրայէլէն Տարբեր Ձեւով Պիտի Կատարէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ պիտի ստանձնէ Հըզպալլայի հետ գործ ունենալը, այդ մէկը Իսրայէլէն տարբեր ձեւով պիտի կատարէ, եւ շէնքեր պիտի չքանդէ: Թրամփ նշեց. «Շարհ Հըզպալլայի նկատմամբ իր գործունէութեան մէջ իսրայէլացիներէն աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլայ, եւ ես գիտեմ, թէ ան չ՛ուզեր ատիկա ընել»: Միացեալ Նահանգներու … Read more

Ֆատլալլա. «Աունի Նախագահ Ընտրուիլը Հիմնուած Էր Դիմադրութեան Իրաւունքը Պաշտպանելու Պատուոյ Յանձնառութեան Վրայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա խորհրդարանէն յայտարարեց. «Ամբողջ անցեալ շրջանին մենք մեզի պարտադրեցինք հանրապետութեան նախագահին հետ չվիճիլ, սակայն մեր ժողովուրդին ուղղուած անոր իրերայաջորդ ամբաստանութիւններէն եւ փոխանակ սահմանադրութեան մէջ նշուածին նման հայրենիքի միասնականութեան խորհրդանիշ եղող նախագահ ըլլալուն, լիբանանցիներուն միջեւ պառակտումը յաւերժացնող կողմ դառնալու վրայ պնդելուն, եւ Պաապտայի պալատը իրենց պատմութեամբ եւ ուղղուածութեան ծանօթ կողմերու … Read more

Հռոմի Մէջ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններու 6-րդ Փուլը Աւարտեցաւ

Լիբանանեան աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հռոմի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ ժողովին համաձայնութիւն գոյացած է փորձառական երկու շրջաններու շուրջ, որոնցմէ մէկը Իսրայէլ բռնագրաւած է, իսկ միւսը անոր դիրքերուն սահմանակից է: Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ ժողով մը` Հռոմի բանակցութիւններուն ամբողջացման համար: Աղբիւրը նշեց, որ հետագայ … Read more

Նախագահ Աուն. «Շրջագծային Բանաձեւը Սկսաւ Արդիւնք Տալ, Եւ Ուաշինկթըն Այլեւս Մեզի Ականջ Կու Տայ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ «Ուղղափառ հանդիպում»-էն պատուիրակութիւն մը ընդունելով նշեց. «Շրջագծային բանաձեւը լաւագոյն կարելին է, եւ սկսաւ արդիւնքը տալ: Ուաշինկթըն այլեւս մեզի ականջ կու տայ, եւ Լիբանանի թղթածրարը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սեղանին վրայ է»: «Մեր նպատակները յստակ են, եւ Լիբանանի իրաւունքներու հարցին մէջ պիտի չզիջինք», ըսաւ ան: «Տարակարծութեան իրաւունքը օրինական … Read more