Ժահժահ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիական Միջամտութեան Դէմ Միաձայնութիւն Գոյութիւն Ունի, Եւ Կ՛ուզեմ Դամասկոս Այցելել»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Աւելի քան քսան տարի առաջ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու եւ անոր գերիշխանութիւնը ամրապնդելու մեր ուղղած կոչը ի զուր չեղաւ, այլ մեծ արդիւնքներ իրագործեց»:

«Լիբանանի մէջ սուրիական միջամտութեան մասին խօսած միակ անձը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն է, իսկ Սուրիան, Լիբանանը կամ շրջանը, սկսելով Թուրքիայէն, հասնելով մինչեւ Սէուտական Արաբիա, այդ միջամտութեան դէմ միաձայն են», յայտնեց Ժահժահ:

«Որեւէ մակարդակի վրայ ոեւէ պաշտօնատարի մօտ այդ առնչութեամբ սուրիական օգնութիւն խնդրելու մտադրութիւն չնկատեցի, ինչպէս նաեւ այդ մէկը կատարելու սուրիական մտադրութիւն չնկատեցի: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանին երկու շաբաթ առաջ Լիբանան էր, եւ այս հարցը բացարձակապէս չարծարծուեցաւ», աւելցուց ան:

Ժահժահ նշեց, որ Շիպանին զինք հրաւիրած է Դամասկոս այցելելու, իսկ ինք փափաք ունի այդ հրաւէրին ընդառաջելու:

Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Խորհրդարանի Նստաշրջանը Կրճատելու Օրինագիծի Մը Առաջարկը Պիտի Քննարկէ

Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահմահ նշեց. «Այն, ինչ որ անցնող երկու օրերուն ընթացքին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ, ինքնին խորհրդարանական աշխատանքին մէջ մեծ գայթակղութիւն մըն է, որովհետեւ մեծաթիւ երեսփոխաններու մօտ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն գոյութիւն չունի: Պատկերը, իր ձեւին մէջ, բառին բուն իմաստով գայթակղութիւն է, իսկ բովանդակութեան առումով կարելի է ամէն բան ըսել»:

«Խորհրդարանը, որ չի կրնար որդեգրել խիստ անհրաժեշտ համաներման օրէնք` Լիբանանի բնակչութեան մեծ մասին կրած անարդարութիւնը շտկելու համար, միւս կողմէ` կ՛որդեգրէ շարք մը օրէնքներ` առանց ուշադիր ուսումնասիրութեան կամ անոնց հետեւանքներու իրական ըմբռնման, ինչ որ գանձարանին վրայ կը դնէ յաւելեալ բեռ` հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու չափով, երբ Լիբանան տակաւին դուրս չէ եկած 2019 թուականին սկսած ֆինանսատնտեսական ճգնաժամի հետեւանքէն:

«Ամէնէն շատ վախցածս այն է, որ երէկ խորհրդարանի մէջ որդեգրուածէն մեկնելով, կրնանք անգամ մը եւս մուտք գործած ըլլալ դժոխային նոյն շրջանակին մէջ, որ Լիբանանը հասցուց ելեւմտական ու տնտեսական քայքայման:

«Մեկնելով ասկէ, Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքը պիտի սերտէ ներկայ խորհրդարանի նստաշրջանը կրճատելու օրինագիծ ներկայացնելու հարցը, անոր նստաշրջանը երկարաձգել պահանջած պայմաններու չքացումին լոյսին տակ», յայտնեց Ժահժահ:

 

Leave a Comment