Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ «Ուղղափառ հանդիպում»-էն պատուիրակութիւն մը ընդունելով նշեց. «Շրջագծային բանաձեւը լաւագոյն կարելին է, եւ սկսաւ արդիւնքը տալ: Ուաշինկթըն այլեւս մեզի ականջ կու տայ, եւ Լիբանանի թղթածրարը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սեղանին վրայ է»:
«Մեր նպատակները յստակ են, եւ Լիբանանի իրաւունքներու հարցին մէջ պիտի չզիջինք», ըսաւ ան:
«Տարակարծութեան իրաւունքը օրինական է, եւ ոչ թէ վէճը, եւ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը ազգային շահի նշաձողին տակ կ՛ըլլայ, եւ ոչ թէ անձնական շահերու գերադասման համար», նշեց նախագահը:
«Ատելութիւնը պետութիւն կամ հաստատութիւններ չի կառուցեր, այլ կը քանդէ, եւ լիբանանցիները պէտք է ընտրեն այն, ինչ որ իրենց հայրենիքը կը փրկէ եւ զայն ուրիշներու ախորժակներէն կը պաշտպանէ», յայտնեց Աուն:
«Ճամբան սալայատակուած չէ, եւ դժուարութիւններ կան, սակայն արիւնահեղութեան վերջ տուող արդիւնքներ ձեռք բերելու յոյսը շատ մեծ է», աւելցուց հանրապետութեան նախագահը: