Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի հովանաւորութեամբ ընթացք առաւ Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան ոլորտի կենսունակութիւնը մարմնաւորող իրադարձութեան մը` «Նոք Նոք Պէյրութի մարմնակրթական փառատօն»-ի մեկնարկը, որ կ՛արտացոլէ մարմնակրթութեան աջակցութեան եւ զարգացման մէջ պետական ու սեփական մարզերու գործընկերութեան եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ կ՛ողջունէ շինիչ նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նպաստեն մարմնակրթութեան մակարդակի բարձրացման, եւ իր գնահատանքը կ՛արտայայտէ տարբեր կողմերու եւ մարմնակրթական հաստատութիւններու մարմնակրթութեան մշակոյթի ամրապնդման եւ երիտասարդներուն նոր առիթներու ստեղծման մէջ մեծ դերակատարութիւնը:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ այս փառատօնը իւրայատուկ փուլ մըն է, որ վեր կ՛առնէ Լիբանանի համաշխարհային մակարդակով ձեռնարկներ կազմակերպելու կարողութիւնը եւ կ՛ամրապնդէ իբրեւ մարմնակրթութեան, նորարարութեան եւ հասարակական հաղորդակցութեան վայր անոր դիրքը: