Թրամփ. «Շարհ Պիտի Ստանձնէ Հըզպալլայի Հետ Գործ Ունենալը, Եւ Այդ Մէկը Իսրայէլէն Տարբեր Ձեւով Պիտի Կատարէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ պիտի ստանձնէ Հըզպալլայի հետ գործ ունենալը, այդ մէկը Իսրայէլէն տարբեր ձեւով պիտի կատարէ, եւ շէնքեր պիտի չքանդէ:

Թրամփ նշեց. «Շարհ Հըզպալլայի նկատմամբ իր գործունէութեան մէջ իսրայէլացիներէն աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլայ, եւ ես գիտեմ, թէ ան չ՛ուզեր ատիկա ընել»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ վերատեղակայում կատարէ` կեդրոնանալու համար մեծ հարցին վրայ, որ Իրանն է:

Leave a Comment