Եմէնի Անսարուլլա շարժումի ղեկավար Ապտելմալեք Հուսի շեշտեց. «Իսրայէլի յարձակումին արդիւնաւէտ դիմակայելու գործին մէջ Հըզպալլայի հիմնարար, մեծ եւ կարեւոր դերը պատիւ է ազգին համար եւ հպարտութեան աղբիւր իսլամութեան եւ բոլոր իսլամներուն համար»` աւելցնելով. «Հըզպալլայի մեծ դիրքորոշումը Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ արաբական վարչակարգերուն, մասնաւորաբար սէուտական վարչակարգին կողմէ թիկունքէն հարուածի կ՛ենթարկուի»:
«Լիբանանեան ճակատին աջակցելու հարցին մէջ Իրանի մեծ եւ պատուաւոր դիրքորոշումը պէտք է բարձր գնահատուի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լիբանանեան իշխանութիւնները կը փորձեն ժխտել Իրանի պատուաւոր դիրքորոշումը` փոխանակ ատկէ օգտուելու ի շահ Լիբանանի»:
Ան ըսաւ, որ լիբանանեան իշխանութիւնը «կ՛երթայ իսրայէլացի թշնամիին հնազանդելու եւ անոր թելադրանքները կատարելու ուղիով` լիբանանցի ժողովուրդի շահերուն դէմ»:
«Փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ Լիբանանի կողքին եղող Իրանի դիրքորոշումը ճիշդ ուղի է, որ յոյս ներշնչող արդիւնք ունի», նշեց Անսարուլլա շարժումի ղեկավարը:
«Լիբանանի իշխանութիւնը կ՛ընթանայ պատրանքի ետեւէն, ուր իր դերը կը նմանի պաղեստինեան իշխանութեան դերին, առանց իր ժողովուրդին պաշտպանութիւնը ապահովելու», ըսաւ ան` նշելով. «Լիբանանեան իշխանութեան շեղած ուղին լիբանանցի ժողովուրդին դաւաճանութիւն է եւ անոր շահերուն կը վնասէ»:
«Սէուտական Արաբիան լիբանանեան իշխանութեան շեղած ուղին որդեգրելու պաշտօնատարներու, ուժերու եւ քաղաքական կողմերու մեծ աշխուժութեան ճամբով Լիբանանի մէջ կեղտոտ դեր կը կատարէ ի նպաստ իսրայէլացի թշնամիին», յայտնեց Հուսի` աւելցնելով. «Լիբանանի իշխանութեան ուղին բացարձակապէս Լիբանանի շահերէն չի բխիր, եւ ապագային անոր ժողովուրդին ապահովութիւն կամ կայունութիւն եւ անոր իսրայէլեան վտանգէն պաշտպանութիւն չ՛իրագործեր»:
«Լիբանանի մէջ սէուտական դերը թշնամական ու ժխտական է եւ կը ծառայէ սիոնականին: Անիկա որեւէ արդարացում չունի արաբական աշխարհին մէջ ամբողջ ազգը թիրախաւորող վտանգին լոյսին տակ», ըսաւ ան:
«Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան դերը իսկական դեր է, եւ անոր իսրայէլեան թշնամին դիմակայելու իրաւունքը բոլոր առումներով օրինական եւ հաստատուած իրաւունք է», նշեց Անսարուլլա շարժումի ղեկավարը:
«Լիբանանի մէջ իսլամական Դիմադրութեան դերը պատուաբեր է, գլուխ բարձրացնող, եւ պէտք է ամբողջ ազգին կողմէ գնահատուի», յայտնեց Հուսի` ընդգծելով. «Առանցքը Լիբանանի մէջ իսլամական Դիմադրութեան կողքին է եւ երբեք զայն պիտի չլքէ: Առանցքը եւ անոր յառաջատար դիրքին վրայ գտնուող Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը պիտի չհրաժարին Լիբանանի մէջ իսլամական Դիմադրութեան աջակցելէն եւ անհրաժեշտութեան պարագային օգնելէն»: