Քաց Հեկսեթին. «Իսրայէլ Վճռակամ Է Մնալ Սուրիոյ, Կազայի Եւ Լիբանանի Ապահովական Շրջաններուն Մէջ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի գրասենեակը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Քացին ներկայացուցած է Իրանի մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի գրասենեակը աւելցուց, որ Քաց Հեկսեթին ներկայացուցած է Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի մէջ «ահաբեկչական» կողմերու դէմ Իսրայէլի գործողութիւնները:

Ան ընդգծած է, որ Իսրայէլ վճռակամ է մնալ Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի ապահովական շրջաններուն մէջ:

 

Leave a Comment